Կիրակի, Յունուար 4-ին, վարչապետ Փաշինեան իր նստավայրին մէջ ունեցած է խորհրդակցական ժողով մը այն եպիսկոպոսներուն հետ, որոնք քանի մը շաբաթ առաջ արդէն տեսակցութիւն մը ունեցած էին իր հետ եւ թիկունք կանգնած Հայ առաքելական եկեղեցին բարենորոգելու գծով իր դիրքորոշման։ Անոնք կոչ ըրած էին նաեւ Գարեգին Բ.-ին, որ հրաժարի Կաթողիկոսի աթոռէն եւ հանգստեան քաշուի։
Յունուար 4-ի այս նոր ժողովէն ետք, մասնակիցները հրապարակած են հետեւեալ յայտարարութիւնը.
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ բարենորոգման
Մենք՝ ներքոստորագրեալներս.
– հաւատալով եւ հաւատարիմ ըլլալով մեր Տէր եւ Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի վարդապետութեան, սրբոց Թադէոս եւ Բարթուղիմէոս առաքեալներու քարոզչութեամբ սերմանուած հաւատքին, Գրիգոր Լուսաւորիչի եւ Տրդատ Գ. Մեծ Հայոց թագաւորի ջանքերով հիմնադրուած Հայաստանեայց առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ սրբազան աւանդութեան,
– ընդգծելով Հայաստանի Հանրապետութեան արժէքահէնք հանրութեան զարգացման եւ ազգային ինքնութեան պահպանման կենսական գործին մէջ Հայաստանեայց առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ առանցքային դերն ու նշանակութիւնը,
– մտահոգուած ըլլալով Հայաստանեայց առաքելական մեր Սուրբ եկեղեցւոյ փաստացի պետին եւ անոր ձեւաւորած մերձաւոր շրջապատի ներկայացուցիչներուն կողմէ Աւետարանի սկզբունքներով ապրելու եւ քարոզելու առաքելութեան ձախողմամբ, հոգեւոր կեանքի խաթարմամբ, բարքերու այլասերման աղաղակող փաստերու նկատմամբ հանդուրժողականութեան դրսեւորմամբ,
– դատապարտելով եւ անընդունելի համարելով եկեղեցին քաղաքականութեան մէջ ներքաշելու, զայն տարբեր օրակարգերու եւ օտար շահերու ծառայեցնելու հակականոնական գործելակերպը,
– արձանագրելով, որ Եկեղեցւոյ կամայական կառավարումը եւ խտրականութիւնը յանգեցուցած են հոգեւոր կեանքի բնականոն ընթացքի խաթարման, Եկեղեցւոյ ներսը պառակտումներու, ազգային հոգեւոր արժէքներու յետընթացի,
– ընդունելով եւ ճանչնալով մեր բաժին մեղաւորութիւնը եւ պատասխանատւութիւնը Հայաստանեայց առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ մէջ ստեղծուած այս իրավիճակին համար եւ ապաշխարութեամբ վերափոխուելու անհրաժեշտութիւնը,
– համոզուած ըլլալով, որ արժէքահէնք հասարակութեան տեսլականը հնարաւոր չէ կեանքի կոչել առանց մեր արժեհամակարգային կեդրոնի՝ Հայաստանեայց առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ բարենորոգման,
Կը յայտարարենք Հայաստանեայց առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ բարենորոգման մեկնարկին մասին, որ պիտի իրականացուի հետեւեալ ճանապարհային քարտէսով.
1. Բարենորոգման օրակարգի հրապարակում,
2. Հայաստանեայց առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ փաստացի պետի հեռացում (հանգստեան կոչում),
3. Սահմանուած կարգով Կաթողիկոսական տեղապահի ընտրութիւն,
4. Հայաստանեայց առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ կանոնադրութեան ընդունում. կանոնադրութեամբ պէտք է սահմանուին ամրագրուած սկզբունքներու պահպանման, նիւթական թափանցիկութեան եւ հոգեւորականներու բարեվարքութեան ապահովման կառուցակարգեր,
5. Սահմանուած կարգով Ամենայն հայոց կաթողիկոսի ընտրութիւն։
Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ հոգեւորականաց դասին եւ բոլոր հետեւորդներուն կոչ կ՚ուղղենք աջակցելու, միանալու Եկեղեցւոյ բարենորոգման, համախմբուելու այս նպատակին շուրջ՝ յանուն Հայաստանեայց առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ, յանուն Հայաստանի Հանրապետութեան եւ մեր ժողովուրդին։
Մենք՝ ներքոստորագրեալներս, կը ձեւաւորենք Համակարգող խորհուրդ, որուն կը վերապահենք Հայաստանեայց առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ բարենորոգման կազմակերպչական գործառոյթներ։ Սոյն կազմը կրնայ ընդլայնուիլ Համակարգող խորհուրդի միաձայնութեամբ։
Նիկոլ Փաշինեան, ՀՀ վարչապետ (Ստորագրութիւն)
Տ. Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան (Ստորագրութիւն)
Տ. Նաւասարդ արքեպիսկոպոս Կճոյեան (Ստորագրութիւն)
Տ. Աբրահամ արքեպիսկոպոս Մկրտչեան (Ստորագրութիւն)
Տ. Առաքել արքեպիսկոպոս Քարամեան (Ստորագրութիւն)
Տ. Սիոն արքեպիսկոպոս Ադամեան (Ստորագրութիւն)
Տ. Վազգէն արքեպիսկոպոս Միրզախանեան (Ձեռագիր՝ «Համաձայնեցուած է»)
Տ. Անուշաւան եպիսկոպոս Ժամկոչեան (Ստորագրութիւն)
Տ. Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեան (Ստորագրութիւն)
Տ. Արտակ եպիսկոպոս Տիգրանեան (Ձեռագիր՝ «Արտակ եպ.»)
Տ. Գէորգ եպիսկոպոս Սարոյեան (Ձեռագիր՝ «Գէորգ եպս.») ■
