Բռնագրաւեալ Շուշիի մէջ պատմութեան նոր աղաւաղում
Սուրբ Ամենափրկիչի հարեւանութեամբ վեր կը խոյանայ «Նոր Շուշի» մզկիթը
Ազերպայճանական բռնագրաւման տակ գտնուող Արցախի մշակութային մայրաքաղաք Շուշիի մէջ պատմութեան խեղաթիւրման եւ հայկական հետքի ոչնչացման աշխատանքները կը շարունակուին նոր թափով։ Հայկական նշանաւոր՝ սակայն ներկայիս ազերպայճանցիներուն կողմէ պղծուած Սուրբ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց տաճարէն ընդամէնը քանի մը քայլ հեռաւորութեան վրայ, սկսած է վեր խոյանալ հսկայական մզկիթ մը, զոր Պաքուի վարչակարգը անուանած է «Yeni Shusha» («Նոր Շուշի»):



Յատկանշական եւ ցաւալի է, որ այս նորակառոյց հսկայ մզկիթը կը բարձրանայ ճիշդ այն վայրին մէջ, ուր նախապէս կը գտնուէր հայկական թաղամասը: Այս տարածքը հիմնովին աւերուած եւ հողին հաւասարեցուած էր 1920 թուականի հայկական ջարդերէն ետք. փաստ մը, որ յստակօրէն պահպանուած է այդ ժամանակաշրջանի հին բացիկներուն (cartes postales) եւ լուսանկարներուն վրայ։ Այս քայլով Ազերպայճան ոչ միայն կը փորձէ ջնջել հայկական ներկայութեան պատմական վկայութիւնները, այլեւ՝ նոր ճարտարապետութեամբ վերագծել քաղաքին դիմագիծը:


«Նորահարուստի» անճաշակութիւն ու քաղաքական քարոզչութիւն
Ակնյայտ է, որ Պաքուի այս շինարարական «ցուցամոլութիւնը» դասական օրինակ մըն է այն երեւոյթին, երբ բռնապետերը կը պարտադրեն «նորահարուստի» (nouveaux riches) իրենց անճաշակութիւնը՝ բուն նպատակ ունենալով աղաւաղել ու խեղաթիւրել պատմութիւնը։ Մզկիթի նախագիծը ինքնին ամբողջութեամբ քաղաքականացուած է եւ զուրկ՝ հոգեւոր անկեղծ մղումներէ. տուեալները ցոյց կու տան, որ անոր 72 մեթր բարձրութեամբ զոյգ մինարէները նախագծուած են այնպէս մը, որ խորհրդանշեն «8» եւ «11» թիւերը (11-րդ ամսուան 8-րդ օրը)՝ ի նշումն 2020 թուականի Նոյեմբեր 8-ին Շուշիի անկման ու գրաւման:

Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ անձամբ կը վերահսկէ այս քարոզչական հաստատութեան շինարարութիւնը: Ան բազմիցս այցելած է շինհրապարակ (ինչպէս կը վկայեն 2025-ի Օգոստոսին եւ անկէ ետք հրապարակուած տեսանիւթերը)՝ մօտէն ծանօթանալու աշխատանքներու ընթացքին, յաճախ նաեւ զայն ցուցադրելով օտարերկրեայ պաշտօնատարներու: Նախատեսուած է մզկիթին կառուցումը աւարտին հասցնել մինչեւ տարեվերջ։ Հետապնդուած նպատակներէն է նաեւ զայն դարձնել քաղաքին ամենաբարձր կառոյցը եւ հոգեբանական ու ճարտարապետական ստուերի տակ ձգել հայկական Ղազանչեցոց տաճարը:
Ստորեւ, Ալիեւի՝ Շուշի այցելութիւնը, 2025 Օգոստոսին.-
