Փութին կ՚ուզէ, որ Երեւան ընտրութիւն կատարէ ԵԱՏՄ-ի եւ ԵՄ-ի միջեւ

Փութին

Ռուսաստանի նախագահը Հայաստանի իշխանութիւններուն կ՚առաջարկէ հանրաքուէի դնել ԵԱՏՄ-ի եւ ԵՄ-ի միջեւ ընտրութեան հարցը

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին Հայաստանի իշխանութիւններուն առաջարկած է հանրաքուէի միջոցով յստակացնել երկրին ընտրութիւնը՝ Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) եւ Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) միջեւ։ Ռուսաստանի ղեկավարը Մայիս 9-ին՝ Յաղթանակի տօնին օրը, այս մասին յայտնած է լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին։

Եւրոպական Միութեան միանալու հեռանկարն ու տնտեսական գործօնը

Անդրադառնալով ԵՄ-ին անդամակցելու Հայաստանի ծրագրերուն՝ Փութին նշած է, որ ատիկա յատուկ ուսումնասիրութիւն կը պահանջէ: “Ես մէկէ աւելի անգամներ այս հարցը քննարկած եմ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ, եւ մենք հոս արտառոց ոչինչ կը տեսնենք: Իրականութեան մէջ, ան ալ կրնայ հաստատել, որ ես իրեն քանի մը անգամ ըսած եմ եւ հիմա ալ հրապարակաւ կրնամ կրկնել, որ մենք պիտի աջակցինք այն ամէն ինչին, որ շահաւէտ կ՚ըլլայ հայ ժողովուրդին համար: Մենք դարեր շարունակ իւրայատուկ յարաբերութիւններ ունեցած ենք հայ ժողովուրդին հետ, եւ եթէ անոր համար շահաւէտ է այս կամ այն որոշումը, բնականաբար, մենք դէմ պիտի չըլլանք”,– ըսած է Փութին:

Միւս կողմէ, ան շեշտած է երկկողմանի տնտեսական կապերու կարեւորութիւնը. “Բայց, անշուշտ, մենք պէտք է նկատի առնենք որոշ հանգամանքներ, որոնք կարեւոր են թէ՛ մեզի, թէ՛ մեր գործընկերներուն համար: Օրինակ՝ Հայաստանի հետ մեր առեւտրական շրջանառութիւնը հիմա նուազած է, բայց ամէն պարագայի 2025-ին կազմած է 7 միլիառ տոլար: Եթէ նկատի ունենանք, որ երկրի համախառն ներքին արդիւնքը 29 միլիառ տոլար է, ապա ասիկա լուրջ ցուցանիշ մըն է”:

Ռուսաստանի նախագահը յիշեցուցած է նաեւ, որ Հայաստան զգալի առաւելութիւններ կը ստանայ ԵԱՏՄ-ի ծիրէն ներս՝ գիւղատնտեսութեան, արդիւնաբերութեան, մաքսատուրքերու եւ գաղթի ոլորտներուն մէջ:

Քաղաքակիրթ «ամուսնալուծութեան» եւ հանրաքուէի առաջարկը 

Փութինի համոզումով, ճիշդ կ՚ըլլայ, որ Հայաստան կարելի եղածին չափ շուտ կողմնորոշուի. “Սա մեր գործը չէ, բայց սկզբունքօրէն տրամաբանական կ՚ըլլար հանրաքուէ կազմակերպել եւ Հայաստանի քաղաքացիներուն հարցնել, թէ ի՛նչ է անոնց ընտրութիւնը: Անոր համապատասխան՝ մենք ալ մեր հետեւութիւնները կ՚ընէինք եւ կ՚երթայինք մեղմ, քաղաքակիրթ եւ փոխադարձաբար շահաւէտ «ամուսնալուծութեան» ճամբով”:

Ուքրաինայի դասերն ու զուգահեռները 

Այս ծիրէն ներս Փութին յիշեցուցած է Ուքրաինայի օրինակը՝ ընդգծելով, որ ներկայիս ուքրանական ճակատին վրայ կատարուող իրադարձութիւնները սկիզբ առին այն ժամանակ, երբ Քիեւ կը փորձէր անդամակցիլ Եւրոպական Միութեան:

Ան պատմած է, որ երբ այդ գործընթացը տակաւին իր սկզբնական փուլին կը գտնուէր, Մոսկուա փորձած է բանակցիլ եւրոպացիներուն հետ՝ զգուշացնելով շուկայական եւ չափանիշերու (յատկապէս բուսաառողջապահական/phytosanitaire) անհամատեղելիութեան մասին, ինչ որ պիտի ստիպէր Ռուսաստանին փակել իր շուկան ուքրանական ապրանքներուն դիմաց։ Սակայն եւրոպացիները կտրականապէս մերժեցին որեւէ զիջում:

“Այդ ժամանակ Ուքրաինայի նախագահ Վիքթոր Եանուքովիչ, ուսումնասիրելով բոլոր հարցերը՝ յայտարարեց, որ ինք հաւանաբար այդ պահուն պատրաստ չէ ԵՄ-ի անդամ դառնալու, քանի որ Ուքրաինայի տնտեսութեան համար վնասները չափազանց մեծ պիտի ըլլային: Ան չէր հրաժարած անդամակցութենէն, պարզապէս կ՚ըսէր, որ պէտք է ամէն ինչ վերստին վերլուծել: Իսկ սա յանգեցուց պետական յեղաշրջման, խրիմեան իրադարձութիւններուն եւ ռազմական գործողութիւններու”,– յայտնած է Փութին:

Ան եզրափակած է՝ շեշտելով ծայրայեղութիւններէ հեռու մնալու կարեւորութիւնը. “Սա լուրջ հարց է, պէտք չէ ծայրայեղութեան հասցնել. պէտք է ժամանակին ըսել, որ մենք այսպէս կամ այնպէս պիտի ընենք: Պէտք է ամէն ինչ հաշուարկել թէ՛ հայկական կողմէն, եւ թէ՛ մեր կողմէն”։

Ռուսաստանի նախագահը նաեւ չէ բացառած, որ այս հարցը կրնայ բարձրացուիլ Եւրասիական տնտեսական միութեան յառաջիկայ վեհաժողովին ընթացքին: