Ռուբէն Վարդանեանի պատասխանը Անահիտ Մանասեանին
«Եթէ Պաքուի բանտերուն մէջ գտնուող հայերու պաշտպանութիւնը Հայաստանի ՄԻՊ-ի լիազօրութեանց մէջ չի մտներ, հապա որո՞ւ լիազօրութեան մէջ կը մտնէ»
Արցախի նախկին Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան Պաքուի բանտէն հաղորդագրութիւն մը հրապարակած է՝ իր ընտանիքին հետ ունեցած հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ռուբէն Վարդանեան» հիմնադրամը: Կը նշուի, որ հաղորդագրութիւնը կը վերաբերի Հայաստանի Մարդկային իրաւանց պաշտպան (ՄԻՊ) Անահիտ Մանասեանի այն պատասխանին, որուն նախապէս դիմած էր Վարդանեան, Պաքու այցելելու խնդրանքով: Յիշեցնենք, թէ Մանասեան պատասխանած էր, որ Հայաստանի ՄԻՊ-ի լիազօրութիւններուն մէջ չեն մտներ օտար պետութիւններ այցելելով՝ միջամտելը։
Վարդանեանի նոր հաղորդագրութեան մէջ կ՚ըսուի.
«Կրցայ ծանօթանալ Հայաստանի Մարդկային իրաւանց պաշտպան Անահիտ Մանասեանի՝ իմ դիմում-խնդրանքիս տուած պատասխանին: Հրապարակայնօրէն պիտի չգնահատեմ անոր այդ դիրքորոշումը: Զայն կը ձգեմ իր խիղճին: Պարզապէս կ՚ըսեմ՝ անկեղծօրէն կը ցաւիմ: Աստուած ձեզի դատաւոր:
Բայց այս պատասխանէն ետք շօշափելի հարցումներ կը ծագին ոչ միայն Մարդկային իրաւանց պաշտպանի հաստատութեան, այլեւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին առնչութեամբ:
Եթէ Ազերպայճանի բանտերուն մէջ գտնուող հայ քաղաքացիներու պաշտպանութիւնը Հայաստանի ՄԻՊ-ի լիազօրութեան մէջ չի մտներ, հապա որո՞ւ լիազօրութեան մէջ կը մտնէ: Մեր երկրին մէջ ո՞վ պատասխանատու է այս հարցով: Ե՞րբ նշանակուած է այդ անձը: Ինչո՞ւ ատոր մասին ոչ ոք գիտէ՝ ո՛չ բանտարկեալներուն ընտանիքները, ո՛չ ալ հասարակութիւնը:
Կան մարդիկ, որոնք Պաքուի բանտերուն մէջ կը պահուին արդէն վեց տարիէ ի վեր: Այս ընթացքին Հայաստանի կառավարութիւնը չէ կրցած անոնց հետ կայուն եւ հասկնալի կապի գործիքակազմ մը հաստատել՝ ո՛չ երրորդ կողմի (Պաքուի մէջ այլ պետութիւններու դեսպանատուներուն), ո՛չ ալ միջազգային կազմակերպութիւններու միջոցով: Ինչո՞ւ: Ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ, որ Հայաստանի ներկայացուցիչները կրնան Ազերպայճան մեկնիլ առեւտրային, տնտեսական եւ այլ հարցեր քննարկելու նպատակով, բայց չեն կրնար այցելութիւն կազմակերպել հայ գերիներու կեանքի, առողջութեան եւ իրաւական կարգավիճակի հարցերով: Արդեօք մարդոց ճակատագիրը առեւտրային բանակցութիւններէն աւելի կարեւոր չէ՞:
Ինչո՞ւ ցայսօր բանտարկեալներուն ամենաանհրաժեշտ իրերը փոխանցելու բնականոն գործիքակազմ մը չէ հաստատուած: Շարք մը անձեր արդէն աւելի քան տարիէ մը ի վեր ոչինչ կը ստանան: Շատեր բնականոն հագուստ չունին. կարելիութիւն չկայ ստանալու այն, ինչ որ իրապէս անհրաժեշտ է՝ նկատի ունենալով անոնց տարիքը, առողջական վիճակն ու բանտի կենցաղային պայմանները: Փոխարէնը, եթէ օգնութիւն մը ընդհանրապէս կը հասնի, ան կը կազմակերպուի ոչ-պաշտօնական, ոչ-թափանցիկ եղանակով՝ առանց նկատի ունենալու բանտարկեալներուն իրական կարիքները: Մարդիկ կը ստանան ոչ թէ այն՝ ինչ որ իրենց անհրաժեշտ է, այլ այն՝ ինչ որ որոշուած է անոնց փոխանցել անծանօթ անձի մը կողմէ. սա օգնութիւն չէ, այլ՝ ողորմութիւն: Հոս պահուողներուն շարքին կան տարեցներ (70 տարեկանէն վեր) եւ առողջական լուրջ խնդիրներ ունեցող մարդիկ: Եթէ ակռայ չունեցող մարդուն չիր կու տան, ատիկա օգնութիւն չէ, այլ՝ նուաստացում:
Արդեօք այս ամէնուն տեղեա՞կ է վարչապետը: Ո՞վ է անձամբ պատասխանատուն այս գործընթացի կազմակերպման համար: Ինչպէ՞ս է սահմանուած կարգը: Ինչո՞ւ ան չի պահպանուիր:
Չէ՞ք ամչնար: Ամօթ չէ՞ ստանալ խաղաղութեան մրցանակ, խօսիլ խաղաղութեան մասին եւ ծափահարուիլ, երբ Հայաստանի քաղաքացիները կը շարունակեն Պաքուի բանտերուն մէջ մնալ՝ առանց պատշաճ պաշտպանութեան, առանց սեփական պետութեան կողմէ տրամադրուած համակարգային աջակցութեան, օգնութեան ու վերահսկողութեան:
Յայտարարեցէ՛ք պատասխանատու անձը: Հրապարակեցէ՛ք աշխատանքի գործիքակազմը: Բացատրեցէ՛ք՝ վերջին վեց տարիներու ընթացքին ի՞նչ աշխատանք տարուած է: Կամ ալ ազնուօրէն խոստովանեցէ՛ք, որ այդպիսի պատասխանատու գոյութիւն չունի, եւ գերիներուն՝ իրենց պետութենէն օգնութիւն ակնկալելը անիմաստ է»:
