Երաժշտա­կան եւ զբօ­սաշրջա­յին «Ֆես­տի­վառ» փա­ռատօ­նը այս տա­րի առա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով կազ­մա­կեր­պուած է ձմեռ­նա­յին ձե­ւաչա­փով՝ տօ­նական շունչ հա­ղոր­դե­լով Ջեր­մուկ քա­ղաքին։

Փա­ռատօ­նի ծի­րէն ներս կազ­մա­կեր­պուած մեծ հա­մեր­գին ելոյթ ու­նե­ցած են սի­րուած արուես­տա­գէտ­ներ Արամ MP3-ը եւ Yellowheart-ը։ Բա­ցառիկ կա­տարու­մով անոնց միացած է նաեւ «Ման­կա­կան Եւ­րո­տեսիլ 2025»-ի Հա­յաս­տա­նի պա­տուի­րակ Ալ­բերտը։ Ձեռ­նարկը ցոյց տուած է, որ Ջեր­մուկը կ՚ապ­րի բնա­կանոն կեան­քով եւ կը շա­րու­նա­կէ զար­գա­նալ՝ ապա­հովե­լով տօ­նական բարձր տրա­մադ­րութիւն թէ՛ տե­ղացի­ներուն եւ թէ՛ քա­ղաքի հիւ­րե­րուն։

Ձեռ­նարկին ներ­կայ գտնուած է նաեւ վար­չա­պետ Փա­շինեանը, որ ող­ջունած է ներ­կա­ները եւ շնոր­հա­ւորած Ամա­նորի առ­թիւ։ Ան կա­րեւոր հա­մարած է, որ 2025-էն 2026 ան­ցումը կա­տարուած է բարձր տրա­մադ­րութեամբ՝ հա­մոզում յայտնե­լով, որ Հա­յաս­տա­նի բնա­կանոն զար­գա­ցու­մը պի­տի շա­րու­նա­կուի յա­նուն քա­ղաքա­ցինե­րու ազա­տու­թեան եւ բա­րեկե­ցութեան։ ■