Խաղաղութեան ճամբան դեռ որքա՜ն փշոտ է…

ՎՍ Մարզադաշտ-2

Երեւանի մարզադաշտին մէջ թուրք մասնագէտներու ներկայութիւնը բուռն հակազդեցութիւններ յառաջացուց՝ բացայայտելով քաղաքական յայտարարութիւններուն եւ հասարակութեան մէկ մասին տրամադրութիւններուն միջեւ գոյութիւն ունեցող հեռաւորութիւնը։

Նոյեմբեր 11-ին, Հայաստան-Կիպրոս ֆութպոլի մրցումին նախօրեակին, Երեւանի «Վազգէն Սարգսեան» Հանրապետական մարզադաշտին մէջ աշխատող քանի մը թուրք մասնագէտներու ներկայութիւնը բուռն հակազդեցութիւններու տեղի տուաւ ընկերային ցանցերուն վրայ։

Աղմուկը սկսաւ, երբ Դաւիթ Աղաջանեան, որ ծանօթ է NAY 374 անունով, տեսանիւթ մը հրապարակեց մարզադաշտէն՝ ուշադրութիւն հրաւիրելով հոն աշխատող թուրք մասնագէտներուն վրայ։ Վերջիններս զբաղած էին մալուխներու տեղադրմամբ՝ մրցումներու պատկերասփռման աշխատանքներուն առնչութեամբ։

Ոմանց համար առանձնապէս վրդովեցուցիչ էր այն հանգամանքը, որ թուրք մասնագէտներ կամ գործաւորներ կը գտնուէին Հայաստանի ազգային հերոս Վազգէն Սարգսեանի անունը կրող մարզադաշտին մէջ։ Նախկին Պաշտպանութեան նախարարն ու վարչապետը, որ առանցքային դեր ունեցած էր Արցախեան առաջին պատերազմին եւ հայկական բանակի կազմութեան ընթացքին, սպանուած էր 1999-ին՝ Հայաստանի խորհրդարանին դէմ կատարուած յարձակումին ընթացքին։

Հակազդեցութիւնները այնպիսի ծաւալ ստացան, որ Հայաստանի ֆութպոլի դաշնակցութիւնը (Հայաստանի Ֆութպոլի Ֆեդերացիա – ՀՖՖ) հարկադրուեցաւ հրապարակային պարզաբանում կատարել, չքմեղանալ։

ՀՖՖ-ն յայտնեց, թէ աւելի քան տասը տարիէ ի վեր Հայաստանի մէջ ԻՒԷՖԱ-ի հովանաւորութեամբ կազմակերպուող մրցումներուն պատկերասփռումը կը գտնուի եւրոպական այդ մարմինին պատասխանատւութեան տակ։ ԻՒԷՖԱ-ն Հայաստան կ՚ուղարկէ տարբեր ազգութիւններէ մասնագէտներ, որոնց շարքին՝ նաեւ թուրքեր։ ՀՖՖ-ն որեւէ դեր չունի անոնց ընտրութեան հարցին մէջ։

Պարզաբանումը յստակ էր։ Սակայն միջադէպը շատ աւելի լայն հարցադրում մը կը յառաջացնէ։

Այն օրերուն, երբ Հայաստանի, Թուրքիոյ եւ Ազերպայճանի ղեկավարները կը խօսին խաղաղութեան, յարաբերութիւններու կարգաւորման, սահմաններու բացման եւ տարածաշրջանային գործակցութեան մասին, քանի մը թուրք մասնագէտներու ներկայութիւնը բաւարար եղաւ այսպիսի վրդովում յառաջացնելու։

Ուրեմն ի՞նչ պիտի պատահի, եթէ վաղը սահմանները բացուին, առեւտրական կապերը զարգանան, եւ թուրք ու ազերպայճանցի քաղաքացիներու ներկայութիւնը Հայաստանի առօրեային մաս կազմէ։

Ինչպէ՞ս պիտի ընդունուին անոնք փողոցներուն, վաճառատուներուն, ճաշարաններուն կամ աշխատավայրերուն մէջ, եթէ այսօր քանի մը մասնագէտներու ներկայութիւնն իսկ այսքան զգացական հակազդեցութիւններ կը յառաջացնէ։

Անշուշտ, ընկերային ցանցերուն վրայ արտայայտուող վրդովումը չի կրնար ամբողջ հայ հասարակութեան տրամադրութիւններուն չափանիշը նկատուիլ։ Պէտք չէ նաեւ անտեսել պատմական յիշողութիւնը, պատերազմներուն ձգած խոր վէրքերը եւ անվտանգութեան հետ կապուած մտահոգութիւնները։

Սակայն այս միջադէպը կը յիշեցնէ էական իրողութիւն մը. քաղաքական ղեկավարները կրնան բանակցիլ, համաձայնութիւններ կնքել եւ սահմաններ բանալ, բայց ժողովուրդներու միջեւ վստահութիւնը հրամանագրով չի ստեղծուիր։

Խաղաղութիւնը կրնայ ստորագրութեամբ սկսիլ, բայց հաշտութիւնը ժամանակի, փոխադարձ վստահութեան եւ երկարատեւ աշխատանքի կը կարօտի։

Եւ դատելով Երեւանի մարզադաշտին մէջ պատահած այս փոքր միջադէպին յառաջացուցած հակազդեցութիւններէն՝ այդ ճամբան դեռ շա՜տ երկար կը թուի։