Մեծն Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի ռազմօդային ուժերը Շաբաթ երեկոյեան միացեալ գործողութիւն մը կատարած են Սուրիոյ մէջ՝ ոչնչացնելու համար «Իսլամական պետութիւն» խմբաւորման կողմէ նախապէս օգտագործուած զէնքի ենթադրեալ ստորգետնեայ պահեստ մը։ Այս մասին յայտնած է Մեծն Բրիտանիոյ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը։

Ըստ նախարարութեան, հետախուզական տուեալներու վերլուծումը ի յայտ բերած է ստորգետնեայ կառոյց մը, որ կ՚ենթադրուի, թէ օգտագործուած է Փալմիրայէն դէպի հիւսիս գտնուող լեռներուն մէջ զէնք եւ պայթուցիկ նիւթեր պահեստաւորելու համար։

Կը նշուի, որ նախնական տուեալները ցոյց կու տան, թէ թիրախը յաջողութեամբ խոցուած է։

Մեծն Բրիտանիա յայտնած է, որ թիրախը ռմբակոծելու համար օգտագործուած են Typhoon FGR4 տիպի մարտական ինքնաթիռներ։