Արտաւազդ Փելէշեանի վերականգնուած շարժանկարներու ցուցադրութիւնը Գաննի մէջ եւ այցելութիւնը դեսպանատուն
Շարժարուեստի հայ մեծանուն բեմադիր Արտաւազդ Փելէշեան Ֆրանսա կ՚այցելէր՝ մասնակցելու Գաննի 79-րդ միջազգային փառատօնին:
Փառատօնի «Դասականներ» ծրագրին մէջ օրերս տեղի ունեցած է անոր նուիրուած յատուկ ցուցադրութիւն մը, ուր ներկայացուած են բեմադիրին վերականգնուած հինգ շարժանկարները: Ասիկա հանդիսատեսին առիթ ընծայած է ծանօթանալու Փելէշեանի շարժարուեստին տարբեր հանգրուաններուն:
Ֆրանսա գտնուելու այս առիթով, Հայաստանի դեսպանատան մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցած է մեծանուն արուեստագէտին հետ:
