«Որեւէ ապահարզանի չենք պատրաստուիր»
Միրզոյեան՝ Փութինի յայտարարութեան մասին
«Չենք պատրաստուիր ապահարզան ունենալու որեւէ գործընկերոջ հետ մեր յարաբերութիւններուն մէջ», – ըսած է Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը՝ անդրադառնալով Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի յայտարարութեան, թէ ճիշդ կ’ըլլար, որ Հայաստանը շուտ կողմնորոշուէր ԵՄ-ԵԱՏՄ հարցին մէջ։
Ռուսաստանի նախագահը Մայիս 9-ին նշած էր, որ Եւրոպական Միութեան միանալու Հայաստանի ծրագրերը «յատուկ դիտարկում կը պահանջեն»։
“Եւ իմ կարծիքով՝ ճիշդ կ’ըլլար թէ՛ Հայաստանի բնակչութեան, քաղաքացիներուն նկատմամբ, թէ՛ մեր՝ որպէս տնտեսական գլխաւոր գործընկերոջ նկատմամբ, հնարաւորինս շուտ կողմնորոշուիլ, օրինակ՝ հանրաքուէ կազմակերպել։ Ատիկա մեր գործը չէ, բայց սկզբունքօրէն տրամաբանական կ՚ըլլար հանրաքուէ կազմակերպել եւ հարցնել Հայաստանի քաղաքացիներուն՝ թէ ի՞նչ է անոնց ընտրութիւնը։ Ատոր հիման վրայ ալ մենք եւս համապատասխան եզրակացութիւններ կ՚ընէինք եւ կ՚երթայինք փափուկ, «քաղաքավարի» եւ փոխշահաւէտ ապահարզանի ճամբով”, – յայտարարած էր Փութինը։
“Քաղաքականութիւնն ու դիւանագիտութիւնը այդպիսի ապահարզաններ չեն ճանչցած պատմութեան ընթացքին։ Մենք նոյնպէս չենք պատրաստուիր հակամարտութիւն… կամ աւելի տեղին կ’ըլլայ ըսել՝ լարուածութիւն մտցնել Ռուսաստան — Հայաստան յարաբերութիւններուն մէջ։ Մենք գործընկերներ ենք, որոնք կապուած են բազմաթիւ կապերով, եւ տրամադրուած ենք առողջ միջավայրի մէջ քննարկման՝ այդ յարաբերութիւնները փոխշահաւէտ զարգացնելու։ Խնդիրներ կա՛ն, բնականաբար խնդիրներ կա՛ն ինչպէս բոլոր յարաբերութիւններուն մէջ աշխարհի վրայ, եւ միշտ ալ այդպէս եղած է։ Այդ խնդիրներուն պէտք է կառուցողական քննարկումներով լուծումներ գտնել”, – Լիթուանիոյ Արտաքին գործոց նախարարին հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին նշած է Միրզոյեանը։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարը ընդգծած է. “Բոլոր կողմերը պէտք է մեծ յարգանքով վերաբերին միւս կողմի այս կամ այն հարցով ինքնուրոյն որոշում կայացնելու իրաւունքին”։
“Կարծեմ հասկնալի է՝ Ռուսաստանէն չէ, որ մեզի պէտք է ըսեն, թէ ԵԱՏՄ-ին անդամակցութիւնը եւ ԵՄ-ին անդամակցութիւնը անհամատեղելի են։ Կարելի չէ մնալ ԵԱՏՄ-ի մէջ ու դառնալ ԵՄ-ի անդամ։ Մենք պիտի շարունակենք մեր մերձեցումը Եւրոպական Միութեան։ Երբ գայ որոշում կայացնելու պահը՝ ըլլալ այս կամ այն խումբի երկիրներու ընտանիքի անդամ, մենք այդ որոշումը կը կայացնենք”, – ըսած է ան։
