Հայաստանի Ձայն-հեռատեսիլի յանձնաժողովի նախագահին վրդովումը՝ «Հայաստան» դաշինքի քարոզչական հոլովակէն
Հայաստանի Ձայն-հեռատեսիլի յանձնաժողովի (Հեռուստատեսութեան եւ ռատիոյի յանձնաժողով – ՀՌՅ) նախագահ Տիգրան Յակոբեան ընկերային ցանցի իր էջին վրայ անդրադարձած է Ռոբերտ Քոչարեանի քաղաքական ուժի նախընտրական քարոզչական հոլովակներու բովանդակութեան։
«Ասիկա “Հայաստան” դաշինքի նախընտրական քարոզչական հոլովակէն երկու դրուագ է։ Կը պարզուի, որ Արեւմտեան Ազերպայճանի Էրիվան մարզին մէջ Մայր Հայաստանի փոխարէն Աթաթիւրքի արձանը պիտի կանգնեցուի, Ծիծեռնակաբերդի յուշարձանին փոխարէն՝ աշխարհի ամենախոշոր մզկիթը, անվաւեր պիտի ճանչցուին հայկական անցագրերը (passeports)… եւ այսպէս շարունակ։ Իբր թէ Հայաստանի մօտալուտ ապագայի վիճակն է։ Հոլովակը դիտելէ ետք զզուանք ու սրտխառնուք կը յառաջանայ։
Ըստ երեւոյթին՝ քաղաքական ուժերուն եւ հեռատեսիլի որոշ կայաններուն այնպէս կը թուի, որ նախընտրական շրջանին՝ քարոզչութեան անուան տակ կրնան սղացնել որեւէ կեղտ, ապատեղեկատւութիւն, յուսահատութիւն, տխմարութիւն, հայատեաց բովանդակութիւն։
Հազա՛ր անգամ ամօթ»,– գրած է ան։
Գրառումին կից՝ Յակոբեան քանի մը պաստառահանում (screenshot) հրապարակած է։



