Ընտրական քարոզարշաւը կ՚ընթանայ բուռն մթնոլորտի մէջ

Փաշ-քարոզարշաւ

Ինչպէս կարելի էր կանխատեսել, Հայաստանի մէջ, Յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ՝ քարոզարշաւը կ՚ընթանայ բուռն մթնոլորտի մէջ։ Եւ ինչպէս նոյնքան կարելի էր կանխատեսել, վարչապետ Փաշինեան երբեմն կ՚արժանանայ ջերմ ընդունելութեան ու խանդավառ արտայայտութիւններու, երբեմն ալ կ՚ունենայ բուռն բանավէճեր որոշ քաղաքացիներու հետ։ Այս միջադէպերէն իւրաքանչիւրը, ընդդիմադիր թեկնածուներուն եւ ընդհանրապէս ընդդիմադիր մամուլին կողմէ կը վերածուի առանձին «դէպք»-ի։ Տեղ մը, երբ արհեստաւոր մը ցանկալի չի նկատեր վարչապետին այցելութիւնը իր աշխատանոցը՝ անմիջապէս տեսանիւթը կը տարածուի համայն ընկերային ցանցերով։ Ուրիշ պարագայ մը, օրինակ մը բերելու համար. Երեւանի Արաբկիր վարչական շրջանին մէջ ընթացող քարոզարշաւին՝ Նիկոլ Փաշինեանին մօտեցած կին մը ըսած է. «Դուք գողցաք իմ հայրենիքս, ամբողջ երիտասարդ սերունդ մը ոչնչացուցիք, Դուք գողցաք իմ եղբայրս, իմ ուրախութիւնս, Դուք փորձեցիք մեզ կզացնել, մենք չկզացանք…»։

Մթնոլորտը աւելի լարուած է, երբ վարչապետը յատկապէս յայտարարած է. “Եթէ Դուք Ռոբն էք (ակնարկ՝ Ռոբերտ Քոչարեանին – «ՆՅ»), Ռոբը պիտի կզացնեմ, Ռոբը պիտի նստի (բանտարկուի – «ՆՅ»), Ռոբը պիտի սատկեցնեմ. կալուգացին (հոս խօսքը Սամուէլ Կարապետեանի մասին է, ակնարկելով Ռուսաստանի Կալուգա քաղաքին, ուր ան իր ձեռնարկատիրութիւնները զարգացուցած է – «ՆՅ») ալ պիտի կզացնեմ, պիտի սատկեցնեմ, Սերժն ալ, Գագօն ալ (հոս՝ անկարկը Գագիկ Ծառուկեանի մասին է – «ՆՅ»): Ռո՛բն էր Հայաստանի քաղաքացին գնդակահարողը, ես չգնդակահարեցի։

Եւ նման դէպքերու անմիջապէս կը յաջորդեն իշխանութեանց կողմէ կամայական «պատիժ»-ներու՝ հսկողութեան տակ առնուելու, ձերբակալուելու, կամ առնուազն՝ պաշտօնէն հեռացուելու մասին լուրեր։ Այս պարագային, օրինակ, «Հրապարակ» թերթը գրած է, որ այդ կինը Երեւանի թիւ 16 բուժարանի 20-ամեայ աշխատակից է, եւ «իրենց («Հրապարակ»-ի) տեղեկութիւններով՝ բուժարանի տնօրէնը հեռաձայնած է իրեն, որ աշխատանքէն ազատման դիմում գրէ, կինն ալ մերժած է»։ Որքա՞նը կը համապատասխանէ իրականութեան եւ որքա՞նը՝ ոչ, չենք կրնար ստուգել։ Բայց եւ այնպէս, ինչպէս կ՚երե­ւի՝ կը տի­րէ նա­խընտրա­կան աւե­լի քան ապա­ռողջ մթնո­լորտ մը։

Միւս կողմէ, չեն պակսիր նաեւ ընդդիմադիր ճակատին ուղղուած՝ ընտրակաշառք տալու կամ խոստանալու ամբաստանութիւններով կատարուած հետախուզութիւններու եւ ձերբակալութիւններու մասին լուրերը, մինչ ընդդիմադիր շարքերէն ալ յաճախ կը խօսին պետական որոշ կառոյցներու, յատկապէս վարժարաններու տնօրէնութեանց կողմէ իշխանութեան «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան հանրահաւաքներուն մասնակցելու ուղղութեամբ կատարուած ճնշումներու մասին, եւ այլն, եւ այլն։

Թաթոյեան Փաշինեանը կը մեղադրէ ատելութեան քարոզչութեան յանցանքով

Մարդկային իրաւանց նախկին պաշտպան (ՄԻՊ) Արման Թաթոյեանը վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը կը մեղադրէ ատելութեան քարոզչութիւն ծաւալելու յանցանքով։ Քարոզչարշաւի օրերուն «այլախոհները եւ արցախցիները թիրախաւորել»-ը, ըստ նախկին ՄԻՊ-ին, լաւագոյնս ցոյց կու տայ, որ անոր «սրտիկները» կեղծ են։

«Այս իշխանութիւնը իրականութեան մէջ կապ չունի Եւրոպայի հետ։ Ինչ խնդիրներ որ անցեալին կային, ատոնք աւելի այլասերած ձեւով հիմա ալ կան», – պնդած է Հայաստանի նախկին ՄԻՊ-ը։

Իշխանութեան համար պայքարող Թաթոյեան կը կարծէ, որ Փաշինեանի նախընտրական հռետորաբանութիւնը խաղաղութեան թեմայէն ատելութեան վերածուեցաւ, քանի որ այս օրերուն ան համոզուեցաւ, որ չունի այն վարկանիշն ու աջակցութիւնը, զորս ունէր նախորդ ընտրութիւններուն։

Արման Թաթոյեանի գլխաւորած «Միասնութեան թեւեր»-ը Մայիս 19-ին Էջմիածին էր։ Անոնք քալած են փողոցներով, շրջած, զրուցած են էջմիածինցիներուն հետ ու ներկայացուցած իրենց ծրագիրը։ Էջմիածինցիներէն մէկը դժգոհած է, որ ընդդիմութիւնը չյաջողեցաւ համախմբուիլ։

Ծառուկեան կ’արձագանգէ Փաշինեանին. «Կը վիրաւորէ, քանի որ ծրագիր չունի, 8 տարի խաբեց ժողովուրդը»

Մայիս 18-ին, Սիսիանի մէջ ընտրողներու հետ հանդիպման՝ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան (ԲՀԿ) առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեան անդրադարձած է Նիկոլ Փաշինեանի հնչեցուցած սպառնալիքներուն ու վիրաւորանքներուն՝ ուղղուած ընդդիմադիր ուժերու առաջնորդներուն։

“Կ’արձագանգեմ ինչպէս երկու օր առաջ, երբ ես թոյլ չտուի իմ «քլաս»-ը ոտնակոխել, իմ բարձունքէն իջնել։ Հիմնականին մէջ ինքը կը վիրաւորէ, որովհետեւ ըսելիք բան չունի, ծրագիր չունի։ Ութ տարի ժողովուրդը խաբեց, այն առաջին օրէն. զիս ալ խաբեց, մինչեւ այսօր։ Եթէ ան ծրագիր ունենար, ժողովուրդին կը ներկայացնէր իր ծրագիրը շատ հանգիստ”, – ըսած է ԲՀԿ-ի առաջնորդը։

Ծառուկեան պատմած է, թէ հանդիպումներու ընթացքին իրեն կը մօտենան ՔՊ-ի դիրքորոշում ունեցող քաղաքացիներ. “Կը մօտենան, եթէ քննադատեն ու տեղին, ես կ՚ընդունիմ, ամօթ չէ ատիկա, բայց ոչ թէ կը պոռամ կամ կը ջղայնանամ։ Մեր դաշնակիցներուն, մեր թշնամիներուն հետ այդ ձեւ բանակցելուն համար է, որ այսօր այս վիճակին ենք՝ զոհեր տուած ենք, հողեր կորսնցուցած ենք եւ այսպէս կորսնցնելով կ՚երթանք։ Երէկ ալ յայտարարեց, որ երեք շրջան դեռ պէտք է յանձնենք, եւ այդպէս ալ պիտի երթայ։ Խաղաղութիւն չէ ատիկա։ Խաղաղութիւն կ՚ըլլայ երբ փաստաթուղթ ըլլայ, ստորագրութիւն ըլլայ եւ երաշխաւորուած ըլլայ, որ մենք պատերազմի դուռը փակենք”։

Գագիկ Ծառուկեան շարունակած է. “Հիմա պէտք է այնպէս ընենք մեր ժողովուրդին հետ միասին, որ ինք Յունիս 7-էն ետք երթայ հանգիստի, թէ չէ՝ այս վիճակը շարունակելով՝ Հայաստան եւս պիտի արժանանայ այն ճակատագրին, որուն արժանացաւ Արցախը”։