«Հայ-թրքական սահմանը կը բացուի ՀՀ սահմանադրական փոփոխութիւններէն ետք»

հայ-թրքական սահման-0aff-0242-495c-08dcb08193f6_w1023_r1_s

Անգարայի մէջ Ազերպայճանի դեսպանին յայտարարութիւնը

“Հայ-թրքական սահմանը կը բացուի Յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք, երբ Հայաստանի սահմանադրութեան փոփոխութիւններու գործընթացը աւարտին հասցուի”,– թրքական Cumhuriyet թերթին տուած հարցազրոյցին յայտարարած է Անգարայի մէջ Ազերպայճանի դեսպան Ռաշատ Մամետովը։

Ազերպայճանցի դիւանագէտին համաձայն՝ Պաքուն ներգրաւուած է Թուրքիոյ եւ Հայաստանի յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ։

“Հայ-թրքական եւ հայ-ազերպայճանական կարգաւորման գործընթացները զուգահեռ կը զարգանան”,– նշած է դեսպանը։

“Յունիս 7-էն ետք հայերը հանրաքուէ պիտի կազմակերպեն եւ պիտի փոխեն սահմանադրութիւնը։ Երբ հողային պահանջները վերացուին, ԱՄՆ-ու մէջ նախաստորագրուած Ազերպայճան-Հայաստան խաղաղութեան պայմանագիրը պիտի ստորագրուի եւ հայ-թրքական սահմանը պիտի բացուի”,– յայտարարած է դեսպանը։

***

Միւս կողմէ, նշենք որ Ազերպայճանը Վրաստանի հետ իր ցամաքային սահմանը մասնակիօրէն կը վերաբանայ, վերականգնելով Պաքու-Թիֆլիս գնացքի երթեւեկութիւնը։ Վրաստանի վարչապետի Պաքու այցին ընթացքին գոյացած այս համաձայնութիւնը վերջ կը դնէ 2020-ին պսակաձեւ ժահրի համաճարակէն ի վեր տիրող փակ սահմանի դրութեան։