Քաղաքացիական պաշտպանութեան ոլորտին մէջ ֆրանքեւհայկական գործակցութիւն
Screenshot
Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյի « X » ընկերային ցանցի իր էջով կը տեղեկացնէ թէ քաղաքացիական պաշտպանութեան ոլորտին մէջ՝ ֆրանքեւհայկական նոր համաձայնագիր մը ստորագրուած է։
«1988-ի ահաւոր երկրաշարժէն ի վեր, քաղաքացիական պաշտպանութիւնը ֆրանքեւհայկական համագործակցութիւններու առանցքը կը կազմէ:
Հայաստանի Հանրապետութեան Փրկարար ծառայութիւնը եւ Անձերու, գոյքերու եւ շրջակայ միջավայրի անվտանգութեան խթանման ֆրանսական միութիւնը (ASPEBE) այսօր (Մայիս 18-ին) համագործակցութեան համաձայնագիր ստորագրեցին»,– կը գրէ դեսպանը:
