Սի Ծինփին. «Փութինը կրնայ “զղջալ” Ուքրաինա ներխուժման համար»

Փութին-Ծինփին

Վերոն­շեալ ար­տա­յայ­տութիւ­նը կրնար աննկատ անցնիլ, եթէ չպատկա­նէր Ռու­սաստա­նի ամէ­նէն մօ­տիկ դաշ­նա­կիցին՝ Չի­նաս­տա­նի նա­խագա­հին։ 

Արդարեւ, ըստ Financial Times-ին՝ ԱՄՆ-ու նախագահին հետ դռնփակ հանդիպման մը ընթացքին, Չինաստանի նախագահ Սի Ծինփին յայտնած է, որ Փութինը ի վերջոյ թերեւս կրնայ «զղջալ» Ուքրաինա ներխուժելուն համար։ Թերթը այս լուրը հաղորդած է հիմնուելով բանակցութիւններուն մօտիկ քանի մը աղբիւրներու վրայ։ Այդ նոյն աղբիւրներուն համաձայն՝ նաեւ Թրամփ առաջարկած է միաւորել ԱՄՆ-ու, Չինաստանի եւ Ռուսաստանի ուժերը՝ ընդդէմ Լա Հէյի միջազգային պատժական ատեանին։

Սպիտակ տունը կամ ամերիկեան պաշտօնական աղբիւրները այս մասին որեւէ մանրամասնութիւն չեն հրապարակած։

Financial Times-ը կը նշէ, որ անցեալին՝ Պայտընի հետ բանակցութիւններուն, Չինաստանի նախագահը զերծ մնացած էր նման գնահատականներէ, որոնք կրնան պայմանաւորուած ըլլալ ոչ այնքան խօսակիցին անձով, որքան դէպքերու արձանագրած զարգացումներով։