Ախալքալաք-Կարս երկաթուղին բաց է հայկական ապրանքներու համար

Ախլքալաք-Կարս

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնած է, որ Ախալքալաք-Կարս երկաթուղին այլեւս բաց է Հայաստանէն արտածումներու եւ դէպի Հայաստան ներածումներու համար։ Ան այս մէկը որակած է «մեծ իրադարձութիւն մեր երկրի տնտեսական կեանքին մէջ»՝ շնորհակալութիւն յայտնելով Թուրքիոյ եւ Վրաստանի գործընկերներուն: Ըստ վարչապետին՝ յառաջիկային կը նախատեսուի նաեւ Հայաստան-Թուրքիա, Հայաստան-Ազերպայճան եւ Նախիջեւանով Հայաստան-Իրան երկաթուղիներու բացումը։ Թուրքիոյ յատուկ բանագնաց Սերտար Քըլըչ ողջունած է այս քայլը՝ յոյս յայտնելով, որ ան պիտի նպաստէ տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ կայունութեան։