Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններու նախաշեմին

ընտրութիւններ

Բեւեռացուած միջավայր եւ լարուածութիւն՝ ըստ ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ-ի 

Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ/OSCE) Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդկային իրաւանց գրասենեակը (ԺՀՄԻԳ) իր միջանկեալ զեկոյցին մէջ արձանագրած է, որ Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւնները կ՚ընթանան խիստ բեւեռացուած միջավայրի մը մէջ: Պատճառներու շարքին նշուած են խաղաղութեան գործընթացը, արտաքին քաղաքական կողմնորոշումը, ընդդիմութեան դէմ յարուցուած քրէական գործերն ու Կառավարութեան եւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ միջեւ առկայ լարումը: Այս ծիրէն ներս, Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ. դատապարտած է «իշխանութիւններու կողմէ հոգեւորականներու նկատմամբ կիրարկուող հետապնդումներն ու անհիմն ազատազրկումները»։

Նիկոլ Փաշինեան («Քաղաքացիական պայմանագիր») 

Քարոզարշաւի ընթացքին վարչապետ Փաշինեան քննադատած է ընդդիմութեան՝ խաղաղութեան պայմանագիրը վերաբանակցելու խոստումները՝ պնդելով, որ նման քայլ անխուսափելիօրէն պիտի յանգեցնէ նոր պատերազմի: Ան վստահեցուցած է, որ ԵԱՏՄ-ի (Եւրասիական տնտեսական միութիւն) ծիրէն ներս լուծելի են բոլոր հարցերը, իսկ Եւրոպական միութեան հետ վիզաներու ազատականացման հարցը պիտի լուծուի առաւելագոյնը երկու տարուան ընթացքին: Փաշինեան նաեւ սպառնացած է իր ընդդիմադիրներուն՝ կանխատեսելով, որ Ռոբերտ Քոչարեանն ու Սամուէլ Կարապետեանը կրնան յայտնուիլ բանտը: Միաժամանակ, ան յայտարարած է. «Որ պահուն ժողովուրդը որոշէ, որ ես պէտք է հեռանամ, նոյն պահուն կը հեռանամ՝ լուռումունջ»:

Ռոբերտ Քոչարեան («Հայաստան» դաշինք) 

Երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարեան ամբաստանած է իշխանութիւնները ժողովուրդը խաբելու եւ Երեւանի մէջ մեծ ծրագրեր չնախաձեռնելու մեղադրանքներով։ Ըստ անոր՝ «ան որ կը քուէարկէ ի նպաստ Փաշինեանին, կը քուէարկէ ի նպաստ Ալիեւին»: Անդրադառնալով անվտանգութեան հարցերուն՝ Քոչարեան շեշտած է հզօր բանակի, հզօր առաջնորդի եւ հզօր դաշնակիցի անհրաժեշտութիւնը՝ իշխանութիւնները մեղադրելով Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւնները միտումնաւոր կերպով փճացնելու յանցանքով:

Գագիկ Ծառուկեան («Բարգաւաճ Հայաստան») եւ Անդրանիկ Թեւանեանի կալանաւորումը 

«Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան (ԲՀԿ) առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեան, դեռ չբացայայտելով վարչապետի իրենց թեկնածուին անունը՝ խոստացած է, որ իշխանափոխութենէն ետք ժողովուրդը պիտի հարստանայ: Միեւնոյն ժամանակ, կուսակցութեան ընտրական ցանկին վրայ երկրորդ տեղը գրաւող Անդրանիկ Թեւանեան, Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի որոշումով անձեռնմխելիութենէ զրկուելէ ետք, երկու ամիս բանտարկուած է: Քննչական կոմիտէն զայն կը մեղադրէ պետական դաւաճանութեան եւ լրտեսութեան յանցանքներով՝ պնդելով, որ ան պետական գաղտնիքներ հաղորդած է ռուսական կազմակերպութեան մը: Թեւանեան կը հերքէ մեղադրանքները՝ զանոնք որակելով քաղաքական հալածանք, իսկ Ծառուկեան պաշտպանած է իր գործընկերը։

Սամուէլ Կարապետեան («Ուժեղ Հայաստան») 

Տնային կալանքի տակ գտնուող միլիառատէր գործարար Սամուէլ Կարապետեան քննադատած է իշխանութիւններու կիրարկած շարունակական ձերբակալութիւններն ու վախի մթնոլորտը: Ան խոստացած է փոքր գործատիրութիւնը ազատ կացուցել հարկերէ եւ մեծ ներդրումներ բերել երկիր: Կարապետեանի ղեկավարած ուժը հանդէս եկած է նաեւ Էջմիածինը Վատիկանի նման ինքնավար, յատուկ հոգեւոր քաղաք-պետութեան վերածելու իւրայատուկ առաջարկով։