ԱՄՆ եւ Իրան նախնական համաձայնութեան եկած են Հորմուզի նեղուցի վերաբացման շուրջ

Հորմուզ

Ըստ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի՝ Միացեալ Նահանգներն ու Իրանը նախնական համաձայնութեան հասած են Մերձաւոր Արեւելքի մէջ պատերազմը աստիճանաբար աւարտելու եւ Իրանի կողմէ Հորմուզի նեղուցի շրջափակումը վերացնելու շուրջ։ Ըստ ԱՄՆ բարձրաստիճան պաշտօնեայի մը՝ համաձայնագիրը տակաւին ստորագրուած չէ եւ պէտք է ստանայ նախագահ Թրամփի եւ Իրանի Գերագոյն առաջնորդին վերջնական հաստատումը:

Թէեւ որոշ զգայուն հարցեր, ինչպէս՝ հարստացուած ուրանիումի պաշարներէն հրաժարելու գործիքակազմը, տակաւին բանակցութիւններու փուլի մէջ են. գործարքի հաստատման պարագային Միացեալ Նահանգներ կրնայ դադրեցնել իրանեան նաւահանգիստներու շրջափակումը, որ կիրարկուած էր Թեհրանի վրայ ճնշում բանեցնելու նպատակով: Տանըլտ Թրամփ դիմագիրքեան գրառումով մը յայտնած է, որ հրահանգած է իր բանակցողներուն «չաճապարել» համաձայնագրի կնքման հարցով: Իրանեան կողմէն առայժմ պաշտօնական յայտարարութիւն չէ եղած: