Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի՝ Ռուսաստան 100 հազար հայեր կը ղրկէ հայրենիք, Փաշինեանի դէմ քուէարկելու համար

Փաշ-Փութին

«Ռոյթըրզ» լրատուական գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսաստան կը փորձէ միջամտել Հայաստանի յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն՝ կազմակերպելով Ռուսաստան բնակող մինչեւ 100 հազար հայերու տեղափոխումը հայրենիք, որպէսզի անոնք դէմ քուէարկեն վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին։

Գործակալութեան վկայակոչած աղբիւրներուն համաձայն՝ այս ծրագիրը կրնայ արժել մօտաւորապէս 50 միլիոն տոլար։ Կը նշուի նաեւ, որ Մոսկուա սաստկացուցած է ապատեղեկատւութեան արշաւները եւ գործի լծած է քաղաքական արհեստագէտներու ու համացանցային ռոպոթներու (bots) ցանցեր՝ քուէարկութեան արդիւնքներուն վրայ ազդելու նպատակով։

Իր կարգին, Քրեմլին հերքած է ընտրութիւններուն միջամտելու վերաբերեալ այս մեղադրանքները։ Նշենք, որ Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան Յունիս 7-ին։