Ահաւոր ողբերգութիւն Գալիֆորնիոյ մէջ
Չորս հոգինոց հայ ընտանիքը մահացած գտնուած է
Չորեքշաբթի, Մայիս 27-ի առաւօտեան սոսկալի ողբերգութիւն մը ցնցած է Գալիֆորնիոյ Նորթ Հիլզ (North Hills) շրջանը, ուր հայ ընտանիքի մը չորս անդամները, ներառեալ՝ երկու մանկահասակ երեխաներ, հրազէնային վէրքերով մահացած գտնուած են իրենց տան մէջ:
Ըստ Լոս Անճըլըսի ոստիկանութեան (LAPD)՝ առաւօտեան ժամը մօտաւորապէս 9.30-ին, մահաբեր զէնքով յարձակումի վերաբերեալ ահազանգ ստանալով, ոստիկանները ժամանած են Լոնտելիըս փողոցին մէջ գտնուող բնակարանը, ուր յայտնաբերած են չորս զոհերը: Ոստիկանութիւնը դէպքը կը քննէ իբրեւ եռակի եղեռնագործութիւն եւ անձնասպանութիւն: Նախնական վարկածով՝ ընտանիքին մայրը կրակած եւ սպանած է իր ամուսինը՝ 31-ամեայ Խաժակ Պասմաճեանը, ինչպէս նաեւ իրենց երկու զաւակները՝ 2 տարեկան Ալեքն ու հազիւ 6 օրուան Էլլան, որմէ ետք վերջ տուած է նաեւ իր կեանքին:
Իշխանութիւնները առայժմ չեն հրապարակած մօր ինքնութիւնը, մինչեւ որ պաշտօնապէս տեղեակ պահեն հարազատները: Միւս կողմէ, ընկերային ցանցերու վրայ շատեր կ՚ենթադրեն, որ ան հաւանաբար տառապած է յետծննդաբերական ծանր ընկճախտէ կամ հոգեկան խանգարումէ (postpartum depression/psychosis), յատկապէս նկատի ունենալով նորածին մանկան հանգամանքը։
Զոհերէն Խաժակ Պասմաճեանը յաջողած եւ յարգուած մասնագէտ էր: Ան որպէս ճարտարագէտ (Cloud Platform Engineer) կ՚աշխատէր Լոս Անճըլըս հաստատուած «Blackline» ընկերութեան մէջ: Հանրային տուեալներու համաձայն՝ ան իր կրթութիւնը ստացած էր Կլենտէյլի համայնքային գոլէճին եւ Գալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղին մէջ:
