Ալիեւ պիտի «համաներէ» ԼՂՀ նախկին ղեկավարները
Վահրամ ԱԹԱՆԷՍԵԱՆ
«1in.am», Երեւան, 2026 Մայիս 30
Մայիս 26-ին «ԱՓԱ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Պաքուի վերաքննիչ դատարանը որոշած է ընթացք տալ Լեռնային Ղարաբաղի նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան վերաքննութեան բողոքին։ «Քաւքազսքի ուզել»-ին (Кавказский узел) յայտնի դարձած է, որ Ռուբէն Վարդանեան «հրաժարած է վերաքննութեան բողոք ներկայացնելէ»։ Անոր ընտանիքին անդամները լրասփիւռներուն բացատրած են, որ Վարդանեան «չէ ուզած օրինականացնել իրեն դէմ կայացուած ապօրինի վճիռը»։ Gazzetchi կայքը իր կարգին յայտնած է, որ Վարդանեանին «թոյլ չեն տուած հանդիպիլ ընտանիքին կողմէ վարձուած փաստաբանին հետ. անոր թելադրած են դժգոհութիւնը կամ փափաքը ներկայացնել դատարանին կողմէ նշանակուած փաստաբանին»։
Պաքուի մամուլը չէ հաղորդած, թէ Վերաքննիչ դատարանին մէջ ե՛րբ եւ ի՛նչ ընթացակարգով պիտի սկսին Լեռնային Ղարաբաղի նախկին պաշտօնեաներու վերաքննութեան բողոքին դատական լսումները։ Վտարանդի լրագրող, ընդդիմադիր Ժողովրդական ճակատ (Ժողճակատ) կուսակցութեան «Ազատլըք» թերթի խմբագիր Կանիմէթ Զահիտով Դիմագիրքի իր էջին վրայ հրապարակած է քաղաքական բանտարկեալ Պախթիյար Հաճիեւի նամակը, ուր ան իշխանութիւններուն կոչ ուղղած է հռչակելու «մեծ համաներում»։
Հաճիեւ իր այս թելադրանքը հիմնաւորած է այն տրամաբանութեամբ, որ քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակման շնորհիւ՝ իշխանութիւնը կրնայ «գործընկերներ ձեռք բերել», որոնք «պիտի նպաստեն ԱՄՆ-ու կողմէ 907-րդ ուղղումի(*) ջնջումին»։ Խօսքը «Ազատութեան աջակցութեան ակտ»-ի ուղղումին մասին է, որ ԱՄՆ-ու Գոնկրէսը ընդունած է 1992-ին։ Ան մասամբ կասեցուած է 2001-էն ի վեր։ Անցեալ Օգոստոսին ԱՄՆ-ու նախագահ Տանըլտ Թրամփ մէկ տարիով եւս կասեցուցած էր այս իրաւական ակտին կիրարկումը։ Այդուհանդերձ, այդ ուղղումը կը մնայ ի զօրու եւ ԱՄՆ-ու կառավարութեան, մասնաւորապէս, կ՚արգիլէ սպառազինութիւններ վաճառել Ազերպայճանին։
Մամուլին մէջ տեղեկութիւններ յայտնուած են, որ Միացեալ Նահանգներ Ազերպայճանի իշխանութիւններուն հետ քննարկած է «ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքներուն հետ կապուած հարցեր»։ Ազերպայճանցի վտարանդի գործիչներ վկայակոչած են Պելառուսի նախագահին հետ Թրամփի վարչակազմին կնքած «գործարքը», երբ հարիւրաւոր քաղաքական բանտարկեալներ ազատ արձակուեցան, իսկ փոխարէնը Միացեալ Նահանգներ ջնջեց պելառուսական պարարտանիւթերու արտածման արգելքը։
«Ազատութեան աջակցութեան ակտ»-ի 907-րդ ուղղումը չեղեալ յայտարարելու ուղղութեամբ Ուաշինկթընի մէջ ազերպայճանական լոպին կ՚աշխատի Քառասունչորսօրեայ պատերազմի աւարտէն ի վեր, սակայն առայժմ չէ յաջողած ամերիկացի օրէնսդիրներուն շրջանակին մէջ ապահովել բաւարար աջակցութիւն։ Կարելի է ենթադրել, որ Ալիեւ «պիտի համաձայնի առաջարկուող գործարքին»։ ԼՂ նախկին պաշտօնեաներու վերաքննիչ բողոքի դատական լսումներուն մասին տեղեկութիւնը, կարծէք, որոշ նշանակութիւն ունի այս առումով։ Խնդիրը այն է, թէ անոնց ճակատագիրը արդեօք նոյնպէս պիտի կապուի՞ ԱՄՆ-ու Գոնկրէսին կողմէ 907-րդ ուղղումին ջնջումին հետ։
Կ՚արժէ թերեւս նկատի ունենալ, որ մօտ տասը օր առաջ ԼՂՀ նախկին Արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան ձայնային ուղերձով մը յայտնած էր, որ իր դէմ կայացուած դատական վճիռը չէ ստացած, ուստի զրկուած է զայն բողոքարկելու իրաւունքէն։ Անցնող օրերուն ի՞նչ փոխուած է, որ Պաքուի Վերաքննիչ դատարանը որոշած է ընթացք տալ անոր եւ միւսներուն (բացառութեամբ Ռուբէն Վարդանեանի) վերաքննութեան բողոքին։ Իրաւական տեսանկիւնէն, անշուշտ, դժուար է յոյս տածել, թէ ազերպայճանական Վերաքննիչ դատարանը պիտի վերանայի Զինուորական դատարանին վճիռը, բայց քաղաքական առումով այս տեղեկութիւնը բաւական ուշագրաւ է։ Մանաւանդ եթէ նկատի ունենանք, որ ան տարածուած է ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի Երեւան կատարած աշխատանքային այցելութեան գրեթէ զուգահեռ։
_____
(*) ԱՄՆ-ու Գոնկրէսին կողմէ 1992-ին ընդունուած «Ազատութեան աջակցութեան ակտ»-ի 907-րդ ուղղումը (Section 907) հայանպաստ առանցքային օրէնսդրական որոշում մըն է, որուն գլխաւոր յատկանիշերը հետեւեալներն են.
- Արգելք աջակցութեան. Օրէնքը խստիւ կ՚արգիլէ ԱՄՆ-ու կառավարութեան ուղղակի ֆինանսական եւ յատկապէս ռազմական օժանդակութիւն տրամադրել Ազերպայճանի պետութեան։
- Ընդունման պատճառը. Ուղղումը հաստատուած էր ի պատասխան Ազերպայճանի կողմէ Հայաստանի եւ Արցախի նկատմամբ կիրարկուող տնտեսական շրջափակումներուն եւ ուժի գործադրման:
- Նախագահական կասեցում. 2001 թուականին Գոնկրէսը ԱՄՆ-ու նախագահին իրաւասութիւն տուաւ տարեկան դրութեամբ, առժամաբար կասեցնելու այս արգելքին գործադրութիւնը՝ մեկնելով պետական անվտանգութեան շահերէն։ Այդ ժամանակէն ի վեր, Միացեալ Նահանգներու նախագահները գրեթէ ամէն տարի կասեցուցած են զայն՝ արտօնելով սահմանափակ ռազմական օգնութիւն Պաքուին։
- Ազերպայճանի նպատակը. Ազերպայճանական լոպին տասնամեակներէ ի վեր հսկայական ճիգ կը գործադրէ Ուաշինկթընի մէջ, որպէսզի հասնի այս ուղղումի վերջնական ու ամբողջական ջնջումին, ինչ որ առիթ պիտի տայ Պաքուին անարգել կերպով սպառազինութիւն գնելու Միացեալ Նահանգներէն:
