Զելենսքի. «Հայաստանին պէտք է աջակցիլ»

Զելենսքի

Ուքրաինայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի կոչ ուղղած է աջակցելու Հայաստանին՝ Ռուսաստանի սպառնալիքներուն դէմ-յանդիման։

«Ռուսաստանն այժմ աւելի բացայայտօրէն կը սպառնայ մերձաւոր միւս երկիրներուն, քան անցեալին։ Ռուսաստանի իւրաքանչիւր դրացի լսած է, թէ ինչեր ըսուած են Հայաստանի մասին, որուն ժողովուրդը միայն ինք իրաւունք ունի որոշելու եւ ընտրելու իր երկրին ապագան։ Այն, ինչ որ Ռուսաստան կ՚ըսէ Հայաստանի մասին, իրականութեան մէջ միայն Հայաստանին չի վերաբերիր»,– «X»-ի ընկերային ցանցի իր էջին վրայ գրած է Զելենսքի։

«Ոեւէ մէկը պէտք չէ առանց աջակցութեան մնայ. Եւրոպան իրաւունք չունի կորսնցնելու իր ժողովուրդներէն որեւէ մէկը կամ երես թեքելու որեւէ երկրի։ Հայաստանին պէտք է աջակցիլ։ Մոլտաւիոյ պէտք է աջակցիլ, ինչպէս նաեւ Պալթեան երկիրներուն։ Ազերպայճանին պէտք է աջակցիլ։ Մենք պէտք է միջոցներ գտնենք աջակցելու նաեւ Վրաստանի ժողովուրդին. ասիկա եւրոպական ընդհանուր խնդիր մըն է։ Ոչ ոք պէտք չէ կորսնցնել»,– պնդած է Ուքրաինայի նախագահը։