Մհեր Գրիգորեան կը բաժնէ Հայաստանի հարուստ ապագային մասին Փաշինեանի տեսակէտը
Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան, ռուսական «Վեսթի» («Вести») լրասփիւռին հետ ունեցած կարճ զրոյցին յայտարարած է, որ կը բաժնէ երկրի հարուստ ապագային վերաբերեալ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի տեսակէտը։
“Անշուշտ, ես կը միանամ Հայաստանը հարուստ դարձնելու ծրագրերուն վերաբերեալ Փաշինեանի ըսածներուն։ Ատիկա ինքնին հասկնալի է։ Թէ ինչպէ՛ս պիտի հարստանայ, ի՛նչ պիտի ըլլայ, ի՛նչպիսի հոսքեր պիտի ստեղծուին՝ ատիկա երկար խօսակցութեան նիւթ է։ Հիմա ինծի համար դժուար պիտի ըլլայ ոտքի վրայ, պարզապէս կարճ պատասխանով մը անդրադառնալ ձեր հարցումին”,– ըստ ռուսական «ԹԱՍՍ» (ТАСС) գործակալութեան՝ ըսած է Գրիգորեան։
Նշենք, որ այս օրերուն Գառնիի մէջ տեղի ունեցած քարոզարշաւին ընթացքին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, արձագանգելով Ռուսաստանէն հնչող յայտարարութիւններուն, նշած էր, որ սղաճով սպառնալը անտրամաբանական է, քանի որ այդ սպառնալիքին դէմ կայ յստակ պատասխան մը. “Մենք շատ աւելի դրամ պիտի ունենանք, որ ատիկա մեզի սուղ չթուի”։
Ընդգծելով, որ այսօր Հայաստան կը վերածուի «Խաղաղութեան խաչմերուկ»-ի, վարչապետը յայտարարած էր. “Սա կը նշանակէ, որ Հայաստանը ոչ թէ հազարներու կամ միլիոններու, այլ՝ միլիառներու եւ թրիլիոններու երկիր պիտի ըլլայ”։
