Օվերչուք. «Հայաստանին մատակարարուող որեւէ կազ անխուսափելիօրէն ռուսական ծագում պիտի ունենայ»

Օվերչուք

Երեւան-Մոսկուա քաղաքական տարակարծութիւններու եւ խորացող լարուածութեան ենթախորքին, Մոսկուայէն հնչող զանազան այլ սպառնալիքներու կարգին, վերջին շրջանին աւելի ընդգծուն դարձած է Հայաստանին տրամադրուող նպաստաւոր պայմաններով կազի մատակարարումը խզելու կամ սակագինը չափազանց բարձրացնելու հարցը։ Այս ծիրէն ներս, Ռուսաստանի բարձրաստիճան պաշտօնեաները իրենց յաջորդական ճնշումներն ու զգուշացումները կ՚ուղղեն Երեւանին։

Ռուսաստանի փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք հեռատեսիլի «Վեսթի» («Вести») լուրերու հաղորդումի ընթացքին յայտարարած է, որ Հայաստանի մէջ ռուսականէն զատ այլ կազ երբեք պիտի չըլլայ, իսկ շուկայական գինի կիրարկման պարագային կացութիւնը երկրին համար կրնայ չափազանց բարդանալ։

“Մենք շատ լաւ գիտենք կազի շուկայի իրավիճակը։ Հոն, ռուսականէն բացի, այլ կազ երբեք պիտի չըլլայ։ Ամբողջ հարցը միայն այն է, թէ ուրկէ՞ Հայաստանը պիտի ստանայ ռուսական կազը եւ ի՛նչ միջնորդներու պիտի վճարէ”։ Օվերչուք յայտնած է այն տեսակէտը, թէ այդ պարագային «Հայաստանի մէջ շատ խրթին իրավիճակ պիտի ստեղծուի, ինչ որ մենք չեն փափաքիր»։

Օվերչուքի պնդումով՝ նոյնիսկ Եւրոպան ինչպէս անցեալին՝ ներկայիս ալ կը շարունակէ ստանալ ռուսական կազ։ “Այդ իսկ պատճառով, անոնք պարզապէս պէտք է նային քարտէսին։ Նային, թէ նոյնիսկ հիմա ինչպիսի՛ խողովակաշարեր կը գործեն հոն, եւ անմիջապէս պիտի տեսնեն, թէ որմէ՛ պիտի ստանան ռուսական կազը”։ Ռուսաստանի փոխվարչապետը աւելցուցած է, որ հարկ է նկատի ունենալ արտածման 30 տոկոսի տուրքը, շուկայական բարձր սակագինը, ինչպէս նաեւ միջնորդ ընկերութիւններու շահոյթի բաժինը։

Յիշեցնենք, որ Ռուսաստանը կազը Հայաստանին կը վաճառէ հազար խորանարդ մեթրի դիմաց 177 տոլարով, մինչդեռ Եւրոպայի մէջ անոր գինը ներկայիս շուրջ 600 տոլար է։ Ռուս բարձրաստիճան պաշտօնեաները՝ նախագահ Վլատիմիր Փութինի գլխաւորութեամբ, վերջին շրջանին յաճախ կը շեշտեն այս հանգամանքը՝ զգուշացնելով, որ եթէ Հայաստանը որոշէ Եւրասիական տնտեսական միութենէն (ԵԱՏՄ) անցնիլ Եւրոպական Միութիւն, կազի սակագինը պիտի բարձրանայ։ Ասոր հանդէպ, Երեւան կը շարունակէ պնդել, որ ԵԱՏՄ-էն դուրս գալու որեւէ որոշում կամ մտադրութիւն չունի։