Արհեստական բանականութեան առաջին գործատան պաշտօնական բացումը Հայաստանի մէջ
Հայաստան պաշտօնապէս բացած է արհեստական բանականութեան (ԱԲ) իր առաջին գործատունը։ «Eleveight AI» ընկերութիւնը այս նորագոյն կառոյցը հիմնած է Գեղարքունիքի մարզի Գագարին գիւղին մէջ։ Ներկայիս ան Հարաւային Կովկասի մէջ այն եզակի եւ առաջին գործատունն է, որ կ՚օգտագործէ «NVIDIA Blackwell B300» արհեստագիտութիւնը։
Ծրագիրի առաջին հանգրուանին համար ընկերութիւնը կատարած է 70 միլիոն տոլարի ներդրում, իսկ մինչեւ 2026-ի աւարտը կը նախատեսէ ներդնել 50 միլիոն տոլար եւս։
Ծրագիրը մշակողները կ՚ակնկալեն, որ այս գերժամանակակից ենթակառոյցը նոր կարելիութիւններ պիտի ստեղծէ գործարար աշխարհին, նորաստեղծ ընկերութիւններու (start-ups), գիտահետազօտական աշխատանքներու եւ կրթութեան համար։
Արհեստական բանականութեան այս գործատունը լիովին կը համապատասխանէ «NVIDIA»-ի ճարտարապետական չափանիշերուն (NVIDIA Reference Architecture)։ Այս հանգամանքին շնորհիւ՝ միջազգային արհեստագիտական ընկերութիւններն ու հետազօտական խումբերը կրնան իրենց նծրագրերը փոխադրել Հայաստան եւ կեանքի կոչել զանոնք՝ առանց արհեստագիտական համարկման որեւէ դժուարութեան բախելու։
Բացման հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին Հայաստանի Բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարարութեան եւ «Eleveight AI» ընկերութեան միջեւ ստորագրուած է փոխըմբռնման յուշագիր մը։
“Արհեստական բանականութեան այս գործատունը կը դնէ Հայաստանի ապագայ տնտեսութեան հիմնաքարերէն մէկը։ Այս նախագիծով Հայաստան կը դառնայ ոչ միայն զարգացած արհեստագիտութիւններ սպառող եւ օգտագործող, այլեւ՝ համաշխարհային շուկայի համար արտադրող ու մատակարարող”,– յայտարարած է նախարար Մխիթար Հայրապետեան։
