Հայաստան եւ ԱՄՆ ստորագրած են TRIPP-ի համաձայնագիրը
Հայաստան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ հեռակայ ձեւաչափով ստորագրած են «Թրամփի ուղի յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման» (TRIPP) ծրագրի վերաբերեալ շրջանակային համաձայնագիրը:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ Յունիս 4-ին վաւերացուցած են նշեալ փաստաթուղթը, որ կը միտի աջակցիլ առանցքային ենթակառոյցներու՝ երկաթուղիներու, ճամբաներու եւ խողովակաշարերու զարգացման:
Ռուպիօ յայտարարած է, որ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ հակամարտութիւնը աւարտած է եւ կը բացուի բարգաւաճման նոր ուղի մը:
Համաձայնագրով կը նախատեսուի նաեւ սահմանային անցակէտերու սպասարկումը վստահիլ երրորդ երկրի մասնաւոր ընկերութիւններու։
