Չապահարի եւ Կուատարի նաւահանգիստներուն գործակցութիւնը նոր հեռանկարներ կը բանայ Հայաստանի համար

1779958225982-Chabahar_Port

Չապահարի նաւահանգիստը՝ Իրան

Իրանեան լրաս­փիւռնե­րուն հա­մաձայն, Իրա­նի Չա­պահար եւ Փա­քիս­տա­նի Կուատար նա­ւահան­գիստնե­րուն մի­ջեւ գոր­ծակցու­թեան նոր շրջա­նակը կրնայ առեւտրա­յին մեծ կա­րելիու­թիւններ ըն­ձե­ռել Հա­յաս­տա­նին եւ ընդհա­նուր առ­մամբ Հա­րաւա­յին Կով­կա­սին։

Փոր­ձա­գէտ­նե­րու կար­ծի­քով՝ այս նա­խաձեռ­նութիւ­նը կրնայ նպաս­տել բեռ­նե­րու փո­խադրման նոր ցան­ցի մը ստեղծման, որ կ՚եր­կա­րի Հնդկա­կան ով­կէանո­սէն մին­չեւ Նոր­տուզի սահ­մա­նակէտ եւ հայ­կա­կան շու­կայ՝ ամ­րապնդե­լով Իրա­նի դե­րը իբ­րեւ առանցքա­յին կա­մուրջ՝ Հա­րաւա­յին Ասիոյ եւ Եւ­րա­սիոյ մի­ջեւ։

Կ՚ակնկա­լուի, որ այս զար­գա­ցու­մը պի­տի աւելցնէ Հա­յաս­տա­նի եւ Իրա­նի մի­ջեւ առեւ­տուրի ծա­ւալը՝ միաժա­մանակ ամ­րապնդե­լով Հա­յաս­տա­նի դիր­քը որ­պէս տա­րան­ցիկ կա­րեւոր հան­գոյց, որ իրա­րու կը կա­պէ Պար­սից ծո­ցը, Հա­րաւա­յին Կով­կասն ու եւ­րա­սիական շու­կա­ները։

Վեր­լուծա­բան­նե­րը կը հա­ւատան, որ նման նա­խագի­ծեր կրնան տնտե­սական նոր ու նշա­նակա­լի կա­րելիու­թիւններ ստեղ­ծել Հա­յաս­տա­նի համար։ ■