ԱՄՆ-ու եւ Իրանի նախագահները զինադադարի համաձայնագիր ստորագրած են
…Սակայն, Թրամփ չի բացառեր յարձակումներու վերսկսումը
Ամերիկացի եւ իրանցի պաշտօնատարներ կը յայտնեն, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքեան թուային դրութեամբ ստորագրած են երկու երկիրներուն միջեւ պատերազմը դադրեցնող շրջանակային համաձայնագիրը։
«Ռոյթըրզ»-ի համաձայն՝ Իրանի մէջ 1979-ի Իսլամական յեղափոխութենէն ետք, ասիկա ԱՄՆ-ու եւ Իրանի նախագահներուն կողմէ միասնաբար ստորագրուած առաջին փաստաթուղթն է։
Ուաշինկթըն ու Թեհրան նաեւ հրապարակած են փոխըմբռնման յուշագրին բնագիրը։ Այնուամենայնիւ, նախագահ Թրամփ սպառնացած է վերսկսիլ Իրանի դէմ հարուածները, եթէ Թեհրան չկատարէ իր ստանձնած պարտաւորութիւնները։
“Մենք զանոնք գրողի ծոցը պիտի ղրկենք ռմբակոծումներով, եթէ անոնք խախտեն համաձայնագիրը”,– Ֆրանսայի մէջ G7-ի վեհաժողովի ծիրին մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Թրամփ՝ աւելցնելով. “Ես չեմ փափաքիր, որ ատիկա տեղի ունենայ. կ՚ուզեմ, որ անոնք յարգեն համաձայնագիրը”։
Ըստ Սպիտակ տան ղեկավարին՝ «արդար պիտի չըլլայ», եթէ Թեհրան հեռահաբար ձգաբանական (balistique) հրթիռներ չունենայ։ Նախապէս Թրամփ խոստացած էր ամբողջութեամբ ոչնչացնել Իրանի պալիսթիք հրթիռները։
Թեհրանէն՝ Իրանի բանակցային պատուիրակութիւնը գլխաւորող Մոհամմէտ Պաղեր Ղալիպաֆ մեկնաբանած է ձեռք բերուած յուշագիրը. “Այն ամէնը, որուն մենք կը ձգտէինք հասնիլ ռազմական գործողութիւններու միջոցով, ատկէ քանի մը անգամ աւելին ձեռք ձգեցինք բանակցութիւններով”,– պետական հեռատեսիլին յայտնած է ան։
14 կէտէ բաղկացած փաստաթուղթը կը շրջանցէ շարք մը առանցքային հարցեր, ինչպէս օրինակ՝ Իրանի հիւլէական ծրագրի ապագան՝ զայն ձգելով հետագայ համապարփակ համաձայնագրին։ Կը սահմանուի բանակցային 60-օրեայ պայմանաժամ մը, որուն սկիզբը պիտի ազդարարուէր Ուրբաթ օր՝ Զուիցերիոյ մէջ։
Փաստաթուղթին համաձայն՝ Ուաշինկթընն ու Թեհրանը կը յայտարարեն «անյապաղ եւ մնայուն հրադադար» պատերազմի բոլոր ճակատներուն վրայ, անոնց կարգին՝ Լիբանանի մէջ։ Կողմերը կը պարտաւորուին իրարու դէմ նոր պատերազմ կամ ռազմական գործողութիւններ չսկսելու եւ զերծ մնալու ուժի կիրարկումէն կամ ատոր սպառնալիքէն։
Կողմերը նաեւ կը պարտաւորուին յարգելու մէկզմէկուն հողային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը եւ փոխադարձաբար չմիջամտելու ներքին գործերուն։
Այսպէս, Ուաշինկթընն ու Թեհրանը կը համաձայնին 60 օրուան ընթացքին բանակցիլ վերջնական համաձայնագրի մը շուրջ։ Պայմանաժամը կրնայ երկարաձգուիլ փոխադարձ համաձայնութեամբ։
ԱՄՆ-ն 30 օրուան ընթացքին պէտք է ամբողջութեամբ դադրեցնէ իրանեան նաւահանգիստներու շրջափակումը։
Ինչ կը վերաբերի Հորմուզի նեղուցին, Թեհրան կը պարտաւորուի 60 օր առանց տուրքի ապահովել առեւտրային նաւերու երթեւեկութիւնը Պարսից ծոցէն Օմանի ծով եւ հակառակ ուղղութեամբ։ Յուշագրին մէջ կը նշուի, որ Իրան Օմանի, ինչպէս նաեւ Պարսից ծոցի մերձափնեայ այլ պետութիւններուն հետ պիտի քննարկէ Հորմուզի նեղուցի հետագայ կառավարումն ու ծովային ծառայութիւններու հարցը։
Իրանի վերակառուցման եւ տնտեսական զարգացման համար ԱՄՆ-ը տարածաշրջանային իր գործընկերներուն հետ պիտի մշակէ առնուազն 300 միլիառ տոլարի ծրագիր մը։
Ուաշինկթըն նաեւ, համաձայնութեան արժանացած ժամանակացոյցը յարգելով՝ պէտք է դադրեցնէ Թեհրանի դէմ հաստատուած պատիժները։ Մինչ այդ, ԱՄՆ-ու Ելեւմուտքի նախարարութիւնը առժամապէս չեղեալ պիտի նկատէ իրանեան քարիւղի արտածման սահմանափակումները։
ԱՄՆ-ն հասանելի պիտի դարձնէ նաեւ Իրանի սառեցուած կամ սահմանափակուած միջոցներն ու ինչքերը։ Ատոր ընթացակարգը կողմերը պէտք է առանձին քննարկումներով որոշեն։
Իրան կը վերահաստատէ, որ հիւլէական զէնք պիտի չստեղծէ։ Ինչ կը վերաբերի հարստացուած նիւթերուն, Թեհրան կը պարտաւորուի Միջազգային հիւլէական ուժանիւթի գործակալութեան վերահսկողութեամբ առնուազն տարրալուծել պաշարները։
Մինչեւ վերջնական համաձայնագրի կնքումը՝ Իրան պիտի պահպանէ իր հիւլէական ծրագրի ներկայիս վիճակը, իսկ Ուաշինկթըն նոր պատիժներ պիտի չսահմանէ եւ յաւելեալ զօրքեր պիտի չտեղակայէ տարածաշրջանին մէջ։
Կողմերը նաեւ պիտի ստեղծեն գործիքակազմ մը՝ յուշագրի դրոյթներուն իրագործման վերահսկելու համար։
* * *
Ինչպէս կ՚երեւի, այս փաստաթուղթը, գրեթէ ծայրէ-ծայր, Իրանին նպաստաւոր դրոյթներ կը պարունակէ։ Ի վերջոյ, Թրամփ կը վճարէ իր անտեղի ու անհեթեթ յարձակումին ծանր գինը։ Սակայն հիմնական մտահոգութիւնը այն է, թէ հիւանդագին ուռճացած «ես»-ով եւ զանազան բարդոյթներով տառապող Միացեալ Նահանգներու նախագահը արդեօք պիտի կարենա՞յ համակերպիլ այս խոր նուաստացումին տակ մնալու իրողութեան հետ. թէ՞, ընդհակառակն՝ իր վրէժը լուծելու մոլուցքէն մղուած, պիտի դիմէ շատ աւելի անտրամաբանական, ծայրայեղ ու վտանգաւոր քայլերու։
