Եւրոպական Միութիւնը 34 միլիոն եւրօ աջակցութիւն կը տրամադրէ Հայաստանին

ԵՄ-ՀՀ

Հայաստանի մէջ ԵՄ-ի պատուիրակութիւնը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Յանձնաժողովը Յունիս 19-ին 34 միլիոն եւրօ յատկացուցած է Հայաստանին՝ սեփական հատուածին վրայ Ռուսաստանի կիրարկած առեւտրային սահմանափակումներուն հետեւանքները մեղմացնելու նպատակով։

«Նախագահ Ֆոն տեր Լայէնի եւ վարչապետ Փաշինեանի հեռաձայնային զրոյցէն հազիւ երկու շաբաթ ետք, ԵՄ-ը արդէն իսկ կ՚իրագործէ Հայաստանին եւ անոր ժողովուրդին աջակցելու իր յանձնառութիւնները»,– նշուած է պատուիրակութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։ Կը պարզաբանուի նաեւ, որ այս ֆինանսական օժանդակութիւնը նախագահ Ֆոն տեր Լայէնի յայտարարած համապարփակ աջակցութեան ծրագրին առաջին բաժինն է, որ կ՚ընդգրկէ Հայաստանի տնտեսական դիմադրականութեան ամրապնդման ուղղուած առեւտուրի դիւրացման եւ զօրակցութեան միջոցառումներ։

Մայիսի սկիզբը կայացած ԵՄ-Հայաստան վեհաժողովին ձեռք ձգուած  համաձայնութիւններուն հիման վրայ, կողմերը պիտի շարունակեն սերտօրէն գործակցիլ՝ խորացնելով գործարար կապերը եւ հայ արտադրողներուն համար ընդլայնելով շուկաներու հասանելիութիւնը։

Այսպէս, առեւտրային սահմանափակումներէն տուժած ոլորտները՝ ներառեալ գիւղատնտեսական մթերքներու արտադրութիւնը, ծաղկաբուծութիւնը եւ արտածման ուղղուած այլ ճիւղեր, պիտի ստանան յաւելեալ աջակցութիւն։ Սա պիտի իրագործուի առեւտուրի խթանման նախաձեռնութիւններու, գործարար կապերու հաստատման եւ շուկաներու հասանելիութեան բարձրացման նպատակային ծրագրերու միջոցով։ Միաժամանակ, ԵՄ-Հայաստան տնտեսական դիմադրականութեան հարցերու յատուկ խումբը կը շարունակէ իր կանոնաւոր հանդիպումները՝ այս քայլերուն իրագործումը համակարգելու եւ անոնց վերահսկելու համար։

Այս ծիրէն ներս, ԵՄ-ի ընդլայնման հարցերու եւրոպական յանձնակատար Մարթա Քոս ընդգծած է. “Եւրոպական Միութիւնը հաստատակամօրէն կանգնած է ինքնիշխան, ժողովրդավար եւ անկախ Հայաստանի կողքին։ Մենք ոչ միայն ֆինանսական աջակցութիւն կը տրամադրենք, այլեւ կ՚օգնենք Հայաստանին աւելի դիւրացնելու առեւտուրը իր դրացիներուն եւ Եւրոպայի հետ։ Սա մեր ամենամօտ գործընկերներէն մէկուն նկատմամբ եւրոպական զօրակցութեան գործնական դրսեւորումն է”։

Յառաջիկայ Յուլիս 5-ին Մարթա Քոս պիտի այցելէ Հայաստան՝ համագործակցութեան ծիրէն ներս հետագայ գործնական քայլերը քննարկելու եւ անոնց նոր թափ հաղորդելու նպատակով։