Դատարանը ընդառաջած է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ բողոքին՝ ընդդէմ ոստիկանութեան
Վարչական դատարանը, նախագահութեամբ դատաւոր Աղասի Դարբինեանի, Ուրբաթ, Յունիս 19-ին ընդառաջած է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ բողոքին՝ ընդդէմ Ներքին Գործոց Նախարարութեան (ՆԳՆ) ոստիկանութեան։ Այս մասին կը հաղորդէ փաստաբան Արա Զօհրապեան։
Ըստ փաստաբանին, գործը կը վերաբերի Արագածոտնի մարզի Թալինի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ, ուր կարգալոյծ հռչակուած Տէր Թադէի (աւազանի անունով՝ Արամայիս Թախմազեան) կողմէ եկեղեցւոյ Սուրբ Խորան, Աւանդատուն եւ Ատեան մուտք գործելու ու ծիսական արարողութիւններ կատարելու «վտանգ»-ին կապակցութեամբ, Եկեղեցին նախապէս դիմած էր ոստիկանութեան։ Պահանջուած էր կառավարութեան որոշումով նախատեսուած կարգով կանխել ներխուժումը եւ ձեռնարկել վտարման գործողութիւններու։
«Ոստիկանութիւնը հրաժարած էր կատարելէ օրէնքով սահմանուած գործողութիւնները՝ նոյնիսկ չներկայանալով դէպքի վայր եւ չգործադրելով կառավարութեան որոշումով նախատեսուած ստուգողական միջոցները»,– կը գրէ փաստաբանը։
Վարչական դատարանը արձանագրած է, որ ոստիկանութիւնը պարտաւոր էր ստացուած դիմումներուն հիման վրայ ներկայանալու եկեղեցւոյ տարածք եւ կատարելու օրէնքով նախատեսուած քայլերը։ Առանց դէպքի վայր այցելելու եւ օրինական ընթացակարգը յարգելու՝ ոստիկանութիւնը իրաւասու չէր եզրակացնելու, թէ արդեօք ներխուժում գոյութիւն ունէ՞ր, թէ՞ ոչ։ Հետեւաբար, եկեղեցւոյ դիմումներուն ընթացք չտալը դատարանին կողմէ նկատուած է ոչ-իրաւաչափ անգործութիւն։
«Վճիռով՝ դատարանը ոչ-իրաւաչափ ճանչցած է ոստիկանութեան անգործութիւնը»,– կը նշէ Արա Զօհրապեան։
