Պուլկարիոյ մայրաքաղաք Սոֆիայի կեդրոնը՝ փողոց մը անուանակոչուած է «Հայաստան» ճեմուղի
Պուլկարիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը կը հաղորդէ, որ Սոֆիայի սրտին մէջ գտնուող ամէնէն գեղեցիկ փողոցներէն մէկը այժմ պաշտօնապէս կը կրէ «Հայաստան» ճեմուղի «Armenia Alley» անունը։ Պուլկարիոյ մայրաքաղաքի Փէյօ Եաւորով թաղամասին մէջ գտնուող այս փողոցը վերանուանուած է Սոֆիայի Քաղաքային խորհուրդին որոշումով, իսկ երկլեզու նոր ցուցանակները՝ «Алея Армения» եւ «Armenia Alley» գրութիւններով, արդէն տեղադրուած են։
Որոշումը ընդունուած է միաձայնութեամբ՝ ստանալով 33 թեր, 0 դէմ եւ 0 ձեռնպահ քուէ։ «Այս միաձայն աջակցութիւնը բարեկամութեան եւ փոխադարձ յարգանքի կարեւոր արտայայտութիւն մըն է, որ կը ցոլացնէ հայ եւ պուլկար ժողովուրդներուն միջեւ ձեւաւորուած դարաւոր կապերն ու ամուր բարեկամութիւնը»,– նշուած է դեսպանութեան հաղորդագրութեան մէջ։
Այս առթիւ հրապարակած իր հաղորդագրութեան մէջ դեսպանութիւնը կը նշէ. «Մեր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնենք Սոֆիայի Քաղաքային խորհուրդին եւ Սրետեց շրջանի վարչակազմին՝ իրենց նուիրումին եւ հետեւողական ջանքերուն համար, որոնց շնորհիւ այս նախաձեռնութիւնը իրականութիւն դարձաւ՝ վերածուելով պատմական հայ-պուլկարական բարեկամութեան մնայուն խորհրդանիշի, ինչպէս նաեւ Պուլկարիոյ մէջ հայկական ներկայութեան ու հայ համայնքի ունեցած ներդրումին արժեւորման»։
Նշուած է նաեւ, որ այս առիթով տեղի պիտի ունենայ պաշտօնական բացման արարողութիւն մը, որուն մանրամասնութիւնները պիտի հաղորդուին յառաջիկային։
