Հայաստան համաձայնագիր կնքած է «Vinci» եւ «Razel-Bec» ընկերութիւններուն հետ՝ Բարգուշատի փապուղիին համար

Շէնաթաղ-2

Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութիւնը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի կառավարութիւնը փոխըմբռնման յուշագիր ստորագրած է ֆրանսական շինարարական հսկաներուն՝ «Vinci»-ի եւ «Razel-Bec»-ի հետ՝ Սիւնիքի մէջ Բարգուշատի փապուղիի կառուցման ծրագրին համար։

Շէնաթաղ գիւղէն մուտք ունեցող այս փապուղին պիտի ամրապնդէ Սիւնիքի կապը Հայաստանի մնացեալ շրջաններուն հետ՝ ա՛լ աւեւի հզօրացնելով մարզին ընդգրկումն ու համարկումը երկրին ենթակառոյցներու ցանցին մէջ։