Կլենտէյլի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով հայազգի ոստիկանապետ նշանակուած է

Ոստիկանապետ

Գալիֆորնիոյ Կլենտէյլ քաղաքի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով ոստիկանապետի պաշտօնը ստանձնած է հայազգի Ռապըրթ Ուիլիըմ։

Ըստ «US Armenia» հեռատեսիլի կայանին, Ուիլիըմ շուրջ 24 տարի ծառայած է Կլենտէյլի ոստիկանական համակարգին մէջ՝ նուաճելով ծառայողական տարբեր աստիճաններ եւ այժմ դարձած է քաղաքի 21-րդ ոստիկանապետը։ Անոր գլխաւոր առաջնահերթութիւններն են քաղաքի անվտանգութեան ապահովումն ու տեղւոյն համայնքներուն հետ սերտ գործակցութիւնը։

“Հպարտ եմ, որ դարձայ Կլենտէյլի առաջին հայազգի ոստիկանապետը։ Սակայն իմ նպատակս երբեք պարզապէս առաջինը ըլլալը չէ եղած, այլ՝ դառնալ այնպիսի ոստիկանապետ մը, որ կրնայ քաղաքը անվտանգ պահել”,– նշած է ան։ Խօսելով իր արմատներուն մասին՝ նորանշանակ ոստիկանապետը ընդգծած է, որ հայկական ինքնութիւնը միշտ կարեւոր դեր ունեցած է իր կեանքին մէջ. “Հայկական մականուն չունիմ. հայրս ասորի եւ հայ է, իսկ մայրս՝ հայ։ Մեր տան մէջ մենք միայն հայերէն խօսած ենք”։

Ուիլիըմ յոյս յայտնած է, որ իր անցած ուղին կրնայ ներշնչող օրինակ ծառայել յատկապէս հայ երիտասարդներուն։ Ան նաեւ բարձր գնահատած է Հայաստանի ոստիկանութեան հետ հաստատուած գործակցութիւնը՝ զայն հետագային աւելի ընդլայնելու ակնկալութեամբ։

Նշենք, որ Կլենտէյլի ոստիկանութիւնը Լոս Անճըլըսի շրջանի մեծագոյն իրաւապահ կառոյցներէն մէկն է, որ ունի աւելի քան 500 աշխատակից (որոնցմէ 270-ը՝ ոստիկան) եւ 150 միլիոն տոլարը գերազանցող տարեկան պիւտճէ։