Նոր կանոն Ռուսաստան ճամբորդողներուն համար
Պարտադիր կը դառնայ «RuID» համակարգով նախնական արձանագրութիւնը
2026 Յուլիս 1-էն, առանց մուտքի արտօնագիրի (վիզայի) Ռուսաստան ճամբորդող քաղաքացիները, ներառեալ՝ Հայաստանի քաղաքացիները, պարտաւոր են նախապէս արձանագրուելու Ռուսաստանի նոր միասնական «RuID» համակարգին միջոցով:
Ճամբորդողները պէտք է ներբեռնեն պաշտօնական «RuID» յաւելուածը (application) եւ ճամբորդութենէն առաջ դիմում ներկայացնեն: Դիմումը պէտք է ուղարկուի սահմանը անցնելէ առնուազն 72 ժամ առաջ, եւ առաւելագոյնը 90 օր կանուխ: Բացառիկ պարագաներու, ինչպէս օրինակ՝ մօտիկ հարազատի մը ծանր հիւանդութեան կամ մահուան պարագային, դիմումները կրնան ներկայացուիլ մեկնումէն ընդամէնը 4 ժամ առաջ:
Արձանագրուելու համար, ճամբորդողները պէտք է մուտքագրեն իրենց անցագրի տուեալները, ներբեռնեն լուսանկար մը, նշեն իրենց այցելութեան նպատակը, ինչպէս նաեւ տրամադրեն մուտքի եւ ելքի նախատեսուած թուականները: Կարգ մը պարագաներու, համակարգը կրնայ նաեւ ձայնի նմուշ պահանջել՝ նախնական կենսաչափական նոյնացման (identification biométrique) համար:
Առցանց արձանագրութիւնը չի փոխարիներ սահմանային սովորական ստուգումները: Ճամբորդողները տակաւին պիտի ենթարկուին լուսանկարուելու եւ մատնահետք յանձնելու ընթացակարգերուն, ինչպէս՝ նախապէս:
Այս նոր կանոնը չի կիրարկուիր Պելառուսի քաղաքացիներուն, 6 տարեկանէն վար մանուկներուն, մուտքի արտօնագիրով Ռուսաստան ճամբորդողներուն, կամ դիւանագիտական ու պաշտօնական յատուկ կարգավիճակ ունեցող անձերուն:
Ռուսական իշխանութիւններուն համաձայն՝ այս փոփոխութեան գլխաւոր նպատակը գաղթի վերահսկողութեան ամբողջական թուայնացումն է:
