Ալէն Սիմոնեան պիտի չստանձնէ երեսփոխանական լիազօրագիրը
Ազգային ժողովի ներկայիս նախագահ Ալէն Սիմոնեան պիտի չստանձնէ երեսփոխանական իր լիազօրագիրը։ Ան այս որոշումը հաստատած է լրագրողներու հետ ունեցած կարճ զրոյցի մը ընթացքին՝ նշելով. “Վարչապետին հետ հարցը քննարկած եմ. պիտի չստանձնեմ լիազօրագիրը եւ Ազգային ժողով պիտի չներկայանամ”։
Սիմոնեան կը յաւակնէր նաեւ նոր խորհրդարանի նախագահի պաշտօնին, սակայն օրերս իշխանութեան «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան վարչութիւնը հաստատեց ո՛չ թէ անոր, այլ՝ Ազգային ժողովի ներկայիս փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեանի թեկնածութիւնը։
Առայժմ յստակ չէ, թէ յառաջիկային ինչո՛վ պիտի զբաղի 46-ամեայ Սիմոնեանը։ Ան Յուլիս 2-ին հերքած է այն տեղեկութիւնները, ըստ որոնց իրեն առաջարկուած է երկրին նախագահի պաշտօնը՝ զանոնք որակելով «անհեթեթութիւն»։ Միաժամանակ, ան վստահեցուցած է, որ կուսակցութիւնը լքելու մտադրութիւն չունի եւ պիտի շարունակէ պաշտպանել իր խումբը։
“Բաց ճակատով կ՚աւարտեմ այս հանգրուանը. կ՚ապրինք՝ կը տեսնենք”,– ըսած է Սիմոնեան՝ աւելցնելով, որ այս փուլին կ՚ուզէ «քիչ մը հանգստանալ»։ Ամէն պարագայի, ան վստահեցուցած է, որ «քաղաքականութեան դուռը չի փակեր»։
«Քննարկում տեղի չէ ունեցած. եթէ պատճառ մը ըլլար՝ չէի առաջադրուեր»
Ինչո՞ւ իշխանութեան ՔՊ-ի ղեկավար Նիկոլ Փաշինեանն ու վարչութեան անդամները ի վերջոյ որոշեցին խորհրդարանի նախագահի պաշտօնին Ալէն Սիմոնեանը փոխարինել Ռուբէն Ռուբինեանով։ Արդեօք հեռացող նախագահը իր գործընկերներէն ստացա՞ծ է այս հարցին պատասխանը։ Դատելով Ալէն Սիմոնեանի՝ «Ազատութիւն» ռատիոկայանին տուած պատասխանէն՝ Փաշինեան որեւէ բացատրութիւն չէ տուած։
“Չեմ կրնար ըսել, որովհետեւ նման քննարկում տեղի չէ ունեցած, ու եթէ ես գտնէի, որ որեւէ պատճառ կայ, չէի առաջադրուեր”,– ըսած է Ալէն Սիմոնեան։
Նշենք, որ Ալէն Սիմոնեան Յուլիս 2-ին կանուխէն հրաժեշտ տուած է Ազգային ժողովի բոլոր վարչութիւններու եւ բաժանմունքներու աշխատակիցներուն՝ անձամբ շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց։
