ՖՐԱՆՍԱ — Եսայի Ալթունեան արժանացաւ Ասպետի կոչումին
Յուլիս 1-ին, ֆրանսահայ անուանի երգահան, երգիչ, արտադրող եւ գեղարուեստական ղեկավար Եսայի Ալթունեան պարգեւատրուեցաւ Ֆրանսայի մշակութային ամէնէն հեղինակաւոր պարգեւներէն մէկուն՝ Արուեստներու եւ գրականութեան շքանշանի ասպետի (Chevalier de l’Ordre des Arts et des Lettres) բարձրագոյն կոչումով։ Պաշտօնական արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Ազգային ժողովին մէջ:
Պարգեւը յանձնուեցաւ Ֆրանսայի նախկին վարչապետ եւ ներկայիս «Վերածնունդ» (Renaissance) կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Կապրիէլ Աթալի կողմէ՝ ի գնահատանք արուեստի, երաժշտութեան եւ մշակոյթի մարզերուն մէջ Ալթունեանի ունեցած բացառիկ ներդրումին, ինչպէս նաեւ հայկական ժառանգութեան տարածման եւ ֆրանքեւհայկական մշակութային կապերու ամրապնդման ուղղութեամբ անոր երկարամեայ յանձնառութեան։
Արարողութեան ներկայ գտնուեցան պատուոյ հիւրեր, որոնց շարքին՝ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանը, հայ համայնքի ղեկավարներ, ֆրանսացի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, դիւանագէտներ, հանրային ականաւոր գործիչներ եւ մշակութային ոլորտի ներկայացուցիչներ, ինչ որ կ՚ընդգծէր այս իրադարձութեան կարեւորութիւնը թէ՛ Ֆրանսայի, թէ՛ Հայաստանի համար։
Փոփ երաժշտութենէն մինչեւ երաժշտական թատրոն եւ շարժանկար երկարող ասպարէզ
Եսայի Ալթունեան իր երաժշտական առաջին քայլերը նետած է Ֆրանսայի մէջ, ուր հաստատուած էին անոր մեծ հայրն ու մեծ մայրը՝ Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրելէ ետք։ Տասնինը տարեկանին ան պայմանագիր կնքած է Sony France-ի հետ՝ իբրեւ Ideal-3 փոփ խումբի գլխաւոր կատարող. անոնց «Pardonne-moi» («Ներէ՛ ինծի») երգը լայն տարածում գտաւ ֆրանսական գլխաւոր ձայնասփիւռի կայաններէն: Ան ապա բեղուն ասպարէզ ունեցած է ֆրանսական երաժշտական թատրոնի (musical) աշխարհին մէջ՝ մարմնաւորելով Փարիսի դերը Ժերար Փրեսկիւրվիքի «Ռոմէօ եւ Ժիւլիէթ»-ին մէջ, ինչպէս նաեւ մասնակցելով յաջողութիւն արձանագրած՝ այլ ներկայացումներու, ինչպէս՝ «Արեւ-Թագաւորը» (Le Roi Soleil)-ի մէջ։ Ան գործակցած է հռչակաւոր երգահան Միշէլ Լըկրանի հետ, ինչպէս նաեւ աշխատած է դասական, փոփ եւ շարժանկարի աշխարհի զանազան արուեստագէտներու հետ։ Անոր արուեստը մշտապէս կամուրջ հանդիսացած է ֆրանսական եւ հայկական մշակութային կեանքերուն միջեւ։
Արուեստը՝ ի սպաս յիշողութեան եւ ինքնութեան
Առեւտրային յաջողութիւններէն անդին՝ Ալթունեան ճանչցուած է իր այն ստեղծագործութիւններով, որոնք հայկական մշակոյթն ու պատմութիւնը կը ներկայացնեն միջազգային լսարաններուն։ Մեծցած ըլլալով իր մեծ հօր վերապրումի պատմութիւններով՝ ան երկար ժամանակ երաժշտութիւնը ի սպաս դրած է այդ յիշատակը յարգելու նպատակին: 2015-ին, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով, ան գրեց եւ կատարեց «Je n’oublie pas / Չեմ մոռնար» երգը՝ ի յիշատակ 1915-ին նահատակուած 1,5 միլիոն հայերուն։
Նոյն տարին, Ալթունեան իւրայատուկ տեղ գրաւեց Հայաստանի «Եւրոտեսիլ»-ի պատմութեան մէջ։ Ան ներկայացուց Հայաստանը՝ իբրեւ «Genealogy» խումբի անդամ, Վիեննայի մէջ կայացած «Եւրոտեսիլ 2015» երգի մրցոյթին։ Այս նախագիծը կը միաւորէր Հայաստանն ու հինգ ցամաքամասերու հայկական սփիւռքը ներկայացնող վեց արուեստագէտներ՝ «Face the Shadow» (Առերեսի՛ր ստուերին) երգին ընդմէջէն փոխանցելով միասնութեան, խաղաղութեան եւ յիշատակի պատգամ մը։ Ներկայացնելով Եւրոպայի հայ համայնքը՝ Ալթունեան առանցքային դերակատարութիւն ունեցաւ Հայաստանի ամէնէն խորհրդանշական մասնակցութիւններէն մէկուն մէջ եւ արժանացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութեան:
Պետական ճանաչում
Արուեստներու եւ գրականութեան շքանշանի Ասպետի կոչումը Ֆրանսայի մշակութային ամէնէն հեղինակաւոր պարգեւներէն մէկն է։ Շնորհուելով Ֆրանսայի մշակոյթի նախարարութեան կողմէ՝ անիկա կը տրուի այն անձերուն, որոնց բացառիկ նուաճումները մնայուն նպաստ բերած են Ֆրանսայի եւ համայն աշխարհի արուեստի, գրականութեան եւ մշակոյթի հարստացման:
Այս պատիւին Ֆրանսայի Ազգային ժողովին մէջ արժանանալը կ՚արտացոլէ Եսայի Ալթունեանի գեղարուեստական նուաճումները, անոր նուիրումը մշակութային երկխօսութեան, եւ Ֆրանսայի ու Հայաստանի միջեւ պատմական բարեկամութեան եւ մշակութային գործընկերութեան ամրապնդման ուղղուած անոր ջանքերը: Ալթունեան այժմ կը միանայ Ֆրանսայի կողմէ ճանչցուած հայազգի ականաւոր արուեստագէտներու փաղանգին, որոնց շարքին է նաեւ Շառլ Ազնաւուրը, որ արժանացած էր նոյն շքանշանի Հրամանատարի (Commandeur) բարձրագոյն կոչումին:
