Փաշինեանն ու Ալիեւը շնորհաւորած են Թրամփը

Թրամփի ուղի

Երկու ղեկավարներն ալ ընդգծած են TRIPP ծրագրին եւ խաղաղութեան հաստատման մէջ ԱՄՆ-ու դերը

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Անկախութեան օրուան (Յուլիս 4) առիթով շնորհաւորած են նախագահ Տանըլտ Թրամփը՝ բարձր գնահատելով հայ-ազերպայճանական խաղաղութեան գործընթացին մէջ անոր ունեցած դերակատարութիւնը։

Վարչապետ Փաշինեան իր ուղերձին մէջ ընդգծած է Թրամփի հաստատակամ առաջնորդութեան կարեւորութիւնը երկու երկիրներուն միջեւ հաստատուած խաղաղութեան մէջ։ Ան շեշտած է, որ TRIPP ծրագիրը պիտի ըլլայ խաղաղութեան կարեւոր գրաւականը՝ ճամբայ հարթելով դէպի աւելի փոխկապակցուած եւ բարեկեցիկ տարածաշրջան մը։ Փաշինեան առանձին ուղերձով մըն ալ շնորհաւորած է ԱՄՆ-ու փոխնախագահ Ճէյ Տի Վենսը՝ յիշեցնելով Փետրուարին անոր Հայաստան կատարած այցելութիւնը, որ քաղաքական բարձր մակարդակի երկխօսութենէն զատ, նոր թափ հաղորդեց երկկողմանի տնտեսական, ուժանիւթային ու պաշտպանական գործակցութեան։

Իր կարգին, Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Թրամփին յղած իր նամակին մէջ յայտարարած է, որ այսօր Հայաստանն ու Ազերպայճանը խաղաղութեան մէջ կ՚ապրին եւ առեւտրային յարաբերութիւններ կը հաստատեն։ Ալիեւ յիշատակած է անցեալ տարուան Օգոստոս 8-ին Սպիտակ տան մէջ Թրամփի նախաձեռնութեամբ կայացած պատմական եռակողմ հանդիպումը, որ դրական նոր մթնոլորտ ստեղծեց տարածաշրջանին մէջ։ Ազերպայճանի նախագահը նոյնպէս յատուկ շնորհակալութիւն յայտնած է Միացեալ Նահանգներուն՝ տարածաշրջանի կայունութեան եւ մասնաւորապէս TRIPP ենթակառոյցի ծրագրին ցուցաբերած շարունակական աջակցութեան համար՝ գոհունակութեամբ նշելով երկու երկիրներուն միջեւ յաջողութեամբ զարգացող ռազմավարական գործընկերութիւնը։