Սահմանադրական դատարանը վաւերացուցած է ընտրութիւններու արդիւնքները

ՍԴ

Ընդդիմութիւնը պիտի ստանձնէ երեսփոխանական լիազօրագրերը, իսկ Փաշինեան կը խօսի նոր Սահմանադրութեան մասին

Սահմանադրական դատարանը (ՍԴ) Յուլիս 4-ին արձակած է իր վճիռը։ Ան կը մերժէ խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքները վիճարկող եօթը քաղաքական ուժերու դիմումները՝ օրինական եւ ուժի մէջ ձգելով Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի (ԿԸՅ) Յունիս 7-ի որոշումը։

Արդարադատութեան նախարար Սրբուհի Գալեան այս որոշումը որակած է «արդարադատութեան յաղթանակ», մինչ ընդդիմադիրները («Բարգաւաճ Հայաստան» եւ «Ուժեղ Հայաստան») Բարձրագոյն դատարանը ամբաստանած են քաղաքական ազդեցութիւններու տեղի տալու եւ ԿԸՅ-ի «ձայնագողութիւնը» չկասեցնելու մեղադրանքներով։ Դիմումներու քննութեան մասնակցած են ՍԴ-ի 9 դատաւորներէն 7-ը. Վլատիմիր Վարդանեանն ու Արտակ Զէյնալեանը դուրս մնացած են գործընթացէն՝ կանխակալ վերաբերում ունենալու հաւանականութեան հիմնաւորումով։

Այսպէսով, 9-րդ Ազգային Ժողովին պատկերը կ՚ըլլայ հետեւեալը.

  • «Քաղաքացիական պայմանագիր» – 64 լիազօրագիր
  • «Ուժեղ Հայաստան» – 29 լիազօրագիր
  • «Հայաստան» դաշինք – 12 լիազօրագիր

Նշենք, որ Գագիկ Ծառուկեանի գլխաւորած «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը (ԲՀԿ) դուրս կը մնայ խորհրդարանէն՝ չկարենալով յաղթահարել 4 տոկոսի սեմը (ԿԸՅ-ի կողմէ երկու տեղամասերու արդիւնքներուն անվաւեր ճանչցուելուն պատճառով)։

Ընդդիմութեան քայլերը

Հակառակ խախտումներու եւ արդիւնքներու վիճարկման մասին պնդումներուն, խորհրդարան անցած ընդդիմադիր «Հայաստան» եւ «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքները որոշած են ստանձնել իրենց երեսփոխանական լիազօրագրերը։ Թէեւ վերջնական ու պաշտօնական յայտարարութիւնը կը սպասուի յառաջիկային, սակայն հինգ ընդդիմադիր ուժեր միացեալ հաղորդագրութեամբ ընդգծած են, որ պիտի օգտագործեն բոլոր լծակները՝ թոյլ չտալու Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը։

Փաշինեան. «Նոր Սահմանադրութեան ընդունումը օրակարգի վրայ է»

Յուլիս 5-ին՝ Սահմանադրութեան օրուան առիթով, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իր ուղերձին մէջ յայտարարած է, որ 2026-ի ընտրութիւններուն յաղթած կառավարող մեծամասնութեան ծրագիրը կ՚ընդգրկէ նոր Սահմանադրութեան ընդունումը, որուն համար ալ անոնք ստացած են ժողովուրդին քուէն։

Յիշեցնենք, որ Պաքու խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման համար յստակ նախապայման դրած է՝ ՀՀ Սահմանադրութենէն զեղչել Անկախութեան հռչակագիրին յղումը, քանի որ հոն հողային նկրտումներ կը տեսնէ: Նիկոլ Փաշինեան համամիտ է այս փոփոխութեան հետ՝ հռչակագիրը նկատելով հակամարտութիւն ստեղծող եւ պնդելով, որ անկէ ազատիլը կը բխի բուն Հայաստանի պետական շահերէն: