Պաքուն բողոքագիր յանձնած է Ռուսաստանի դեսպանին
Պաքուի մէջ Ռուսաստանի դեսպան Միխայիլ Եւտոքիմով
Պաքուն բողոքագիր մը յանձնած է Ռուսաստանի դեսպան Միխայիլ Եւտոքիմովին՝ Ուքրաինայի Նիքոլաեւի մարզին մէջ ազերպայճանական «SOCAR» ընկերութեան վառելանիւթի կայանին վրայ Յուլիս 5-ին գործուած յարձակումէն ետք: Ըստ ազերպայճանական աղբիւրներու, Ռուսաստանի դեսպանը կանչուած է Արտաքին գործոց նախարարութիւն:
«Հանդիպումին ընթացքին յիշեցուած է, որ անօդաչու սարքով այս հարուածը նմանօրինակ առաջին միջադէպը չէ. Ուքրաինայի մէջ “SOCAR”-ի ենթակառոյցները, ներառեալ կազաբաշխման կայանն ու Օտեսայի նաւթի պահեստանոցը, նախապէս եւս դարձած են ռուսական կողմի թիրախ՝ պատճառելով զգալի նիւթական վնասներ»,– կը հաղորդէ ազերպայճանական «APA» գործակալութիւնը՝ աւելցնելով, թէ նման միջադէպերու շարունակականութիւնը կը վկայէ յարձակումներու նպատակային բնոյթին մասին:
Ըստ Արտաքին գործոց նախարարութեան՝ Պաքուն ռուսական կողմին կոչ ուղղած է «համապարփակ հետաքննութիւն կատարելու բոլոր միջադէպերուն գծով, բացատրութիւն տրամադրելու եւ յարգելու քաղաքացիական կառոյցներն ու դիւանագիտական առաքելութիւնները պաշտպանելու միջազգային պարտաւորութիւնները»:
