Սերժ Սարգսեանէն յօգուտ Հայաստանի պիտի բռնագանձուի աւելի քան 630 միլիոն դրամ եւ անշարժ գոյք
Հայաստանի Գլխաւոր դատախազութեան հաղորդումով, երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանէն յօգուտ պետութեան պիտի բռնագանձուի շուրջ 630 միլիոն դրամ (1 միլիոն եւրօ), ինչպէս նաեւ աւանդներու տոկոսագումարներ, անշարժ գոյքէ բաժիններ եւ ինքնաշարժի կայանատեղի։
Հաղորդագրութեան համաձայն, Հակակոռուպցիոն (Եղծանման դէմ պայքարի) դատարանը Յուլիս 3-ին մասամբ գոհացում տուած է Գլխաւոր դատախազութեան ներկայացուցած դիմումին, որ կը վերաբերի Սերժ Սարգսեանի եւ անոր առնչուող անձերու՝ ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման։ Դատախազութեան համաձայն՝ դատական վճիռի օրինական ուժ ստանալէն ետք, յօգուտ Հայաստանի Հանրապետութեան բռնագանձման ենթակայ պիտի ըլլան Երեւանի Կեդրոն վարչական շրջանի Տէրեան փողոցին վրայ գտնուող բնակարանին 38 տոկոսը, նոյն փողոցին վրայ գտնուող ինքնաշարժի մէկ կայանատեղի՝ ամբողջութեամբ, եւ այլ կայանատեղիի մը 38 տոկոսը։
Ասկէ բացի, պիտի բռնագանձուին դրամատուներու մէջ ներդրուած ընդհանուր 202 միլիոն 998 հազար դրամ աւանդները, անոնցմէ գոյացած 74 միլիոն 716 հազար դրամի տոկոսագումարները, ինչպէս նաեւ մինչեւ վճիռի փաստացի գործադրման օրը հաշուարկուած յաւելեալ տոկոսները եւ լրացուցիչ 352 միլիոն 438 հազար դրամ գումար մը։
Նշենք, որ երրորդ նախագահին փաստաբանը ապօրինի եւ արհեստածին որակած է Սերժ Սարգսեանի եւ անոր դուստրերուն դէմ Հակակոռուպցիոն դատարան ներկայացուած այս դիմումը։
