Նոր նուաճում հայկական առողջապահութեան մարզին մէջ
Կատարուած է առաջին հեռակայ ռոպոթային վիրահատութիւնը
Հայկական առողջապահական համակարգը նոր նուաճում մը արձանագրած է, երբ Երեւանի «ՍլաւՄետ» բժշկական կեդրոնին մէջ յաջողութեամբ կատարուած է Հայաստանի առաջին հեռակայ ռոպոթային վիրահատութիւնը։
Պելճիքացի առաջատար միզաբան, փրոֆէսէօր Ալեքսանտր Մոթրի, 3300 քիլոմեթր հեռաւորութենէն, հեռակայ կարգով վիրահատած է Երեւանի մէջ գտնուող եւ շագանակագեղձի քաղցկեղէ տառապող հիւանդ մը։ Ռոպոթի աջակցութեամբ իրագործուած այս բացառիկ միջամտութիւնը բարեյաջող աւարտ ունեցած է՝ շնորհիւ «ՍլաւՄետ»ի բժշկական անձնակազմի արհեստավարժ աջակցութեան եւ կեդրոնի յառաջադէմ արհեստագիտութեան։
Այս աննախադէպ իրագործումը անգամ մը եւս կը փաստէ, որ արդի բժշկութիւնը սահման չի ճանչնար։
