Պղծուած է Պոլսոյ Սուրբ Կարապետ գերեզմանատունը
Պոլսոյ Սսկիւտարի (Պաղլարպաշը) Սուրբ Կարապետ հայկական եկեղեցւոյ գերեզմանատունը պղծուած է Յուլիս 7-էն 8-ի գիշերը։ Անծանօթ մը, դուրսէն մագլցելով ցանկապատը, վնասած է վեց գերեզմաններ եւ յուշաղբիւր մը:
Այս վայրագ յարձակումը խոր ցաւ պատճառած է պոլսահայ համայնքին, յատկապէս՝ գերեզմանատան մէջ ննջեցեալներ ունեցող ընտանիքներուն: Պոլսոյ Հայոց պատրիարքութիւնն ու Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ եւ գերեզմանատան հիմնադրամը խստօրէն դատապարտած են այս արարքը՝ զայն որակելով յարձակում յիշողութեան վայրի եւ հայ համայնքի նուիրական արժէքներուն դէմ, ու պահանջած նմանօրինակ դէպքերու բացառումը ապագային։
Հիմնադրամի վարչութիւնը դէպքին մասին անյապաղ տեղեակ պահած է անվտանգութեան մարմինները: Իրաւապահներու անմիջական եւ վճռական արձագանգը յոյս եւ վստահութիւն ներշնչած է համայնքին, որ յանցագործը շուտով կը յայտնաբերուի ու կը յանձնուի արդարադատութեան, մինչ Պատրիարքութիւնը կը շարունակէ մօտէն հետեւիլ քննչական գործընթացին:
