Ալիեւ կը զօրակցի Ուքրաինայի հողային ամբողջականութեան

Փեսքով

Փեսքով սխալ կը նկատէ Պաքուի մօտեցումը

Բռնագրաւեալ Շուշիի մէջ տեղի ունեցած «Կլոպալ մետիա» համաժողովի ընթացքին (Յուլիս 13-ին), Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է, որ Պաքու անվերապահօրէն կը զօրակցի Ուքրաինայի հողային ամբողջականութեան։ Ան միաժամանակ կոչ ուղղած է Քիեւին՝ երբեք չհամակերպելու ուքրաինական հողերու բռնագրաւման հետ։

Ազերպայճանի ղեկավարին այս հրապարակային կեցուածքին անմիջապէս յաջորդած է Քրեմլինի հակազդեցութիւնը։ Ռուսաստանի նախագահի պաշտօնական ներկայացուցիչ Տմիթրի Փեսքով, մեկնաբանելով Ալիեւի յայտարարութիւնները, շեշտած է, որ Ուքրաինայի հարցով Պաքուի տեսակէտը սխալ է։

Փեսքով նշած է, որ թէեւ գոյութիւն ունին շարք մը պետութիւններ, որոնց հետ Ռուսաստան շատ սերտ յարաբերութիւններ կը մշակէ, սակայն անոնք նմանօրինակ մօտեցում որդեգրած են հակամարտութեան նկատմամբ։ “Մենք այդ մօտեցումին հետ կտրականապէս համաձայն չենք, եւ ատիկա տարակարծութիւններու տեղիք կու տայ”,– յայտարարած է բանբերը՝ աւելցնելով սակայն, որ առկայ տարակարծութիւնները պէտք չէ ստուերեն ռուս-ազերպայճանական երկկողմանի կապերը։

Եզրափակելով իր խօսքը՝ Փեսքով ընդգծած է, որ ռուսական կողմը բոլոր կարելի խողովակներով, հետեւողականօրէն եւ հիմնաւորուած կերպով պիտի բացատրէ, թէ ինչո՛ւ Ալիեւի մօտեցումները սխալ կը համարուին Մոսկուայի կողմէ։

Ալիեւ. «Հայաստան վառելանիւթի վստահելի աղբիւր մը ունի, եւ այդ աղբիւրը Ազերպայճանն է»

Միւս կողմէ, ըստ ազերպայճանական «APA» լրատու գործակալութեան՝ Ազերպայճանի նախագահը յայտարարած է, որ Ռուսաստանէն, Ղազախստանէն եւ այլ երկրներէն՝ Ազերպայճանի տարածքով Հայաստան փոխադրուած է աւելի քան 40 հազար թոն զանազան տեսակի բեռներ։

“Աւելին, Ազերպայճան ինք սկսած է նաւթամթերք արտածել դէպի Հայաստան։ Եթէ չեմ սխալիր, մինչեւ օրս մատակարարուած է աւելի քան 10 հազար թոն նաւթամթերք։ Յատկապէս ներկայ պայմաններուն մէջ, երբ շատ մը երկիրներ վառելանիւթի սով կը դիմագրաւեն, Հայաստան վառելանիւթի վստահելի աղբիւր մը ունի, եւ այդ աղբիւրը Ազերպայճանն է։ Առանց ասոր՝ Հայաստան այսօր, հաւանաբար, ստիպուած պիտի ըլլար պենզին եւ տիզելային վառելանիւթ փնտռելու աշխարհի զանազան ծագերուն”,– ընդգծած է Իլհամ Ալիեւ։

«Մենք կը փափաքինք կարգաւորել յարաբերութիւնները Եւրոպայի խորհուրդին հետ, բայց անոնք պէտք է առնեն առաջին քայլը»

Ալիեւ նաեւ յայտարարած է, թէ Պաքու կը փափաքի բնականոնացնել յարաբերութիւնները Եւրոպայի Խորհուրդին հետ, սակայն պայմանով որ անո՛նք առնեն առաջին քայլը։

“Նոյնիսկ եթէ Ազերպայճան ամբողջութեամբ դուրս գայ Եւրոպայի Խորհուրդէն, երկրին մէջ գործնականօրէն ոչ ոք պիտի նկատէ ատիկա”,– նշած է Ալիեւ:

Անդրադառնալով եւրոպական կառոյցներուն հետ յառաջացած լարումին՝ Ազերպայճանի ղեկավարը դիտել տուած է, որ մինչեւ 2023 Սեպտեմբեր իր երկիրը երբեք որեւէ պատժամիջոցի չէր ենթարկուած Եւրոպայի Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովին (ԵԽԽՎ) կողմէ։

“Իսկ 2024 Յունուարին, Վեհաժողովը քննարկեց ազերպայճանական պատուիրակութեան լիազօրութիւնները եւ զայն զրկեց քուէարկութեան իրաւունքէն։ Սա, իբր թէ, կապուած էր մարդկային իրաւանց հետ։ Սակայն, եթէ այդ իսկապէս այդպէս ըլլար, հաւանաբար աւելի կանուխ նման քայլ առնուած պիտի ըլլար։ Այդ պարզապէս պատիժ էր մեր գերիշխանութիւնը վերականգնելուն դէմ”,– յայտարարած է ան։