Քաղաքակրթութեան պատմութիւնը Հայկական լեռնաշխարհին մէջ
6000 տարի առաջ Հայկական լեռնաշխարհին մէջ գոյութիւն ունէր նստակեաց եւ կազմակերպուած քաղաքակրթութիւն
«Nature Portfolio»-ի «npj Heritage Science» պարբերականին մէջ լոյս տեսած է «Ալիխանեան» ազգային գիտական տարրալուծարանի Տիեզերաբանութեան եւ աստղաբնագիտութեան (Astrophysics) կեդրոնի ֆիզիկոս, փրոֆ. Վահագն Գուրզադեանի եւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի հնագէտ, փրոֆ. Արսէն Բոբոխեանի նոր յօդուածը։ Ուսումնասիրութիւնը կը փաստէ, որ վիշապաքարերը կերտող եւ կանգնեցնող մարդիկ պատկանած են գերկազմակերպուած հասարակութեան մը, որ ի վիճակի եղած է մարդկային եւ նիւթական հսկայական աղբիւրներ համախմբելու՝ ծիսական եւ ոռոգման լայնամասշտաբ ծրագրերու համար, Ք.Ա. շուրջ 4000 թուականին իսկ։
Գիտնականները կը նշեն, որ այս բացայայտումը շուրջ 6000 տարիով ետ կը տանի Հայկական լեռնաշխարհին մէջ համակարգուած եւ նստակեաց քաղաքակրթութեան գոյութեան փաստը։ Այս ժողովուրդը առաջիններէն էր, որ բարգաւաճեցաւ այն բնօրրանին մէջ, ուր հետագային կազմաւորուեցան Վանի թագաւորութիւնը (Ուրարտու), հայկական արքայութիւնները եւ ուր կ՚ապրին այսօրուան հայերը։ Եզրայանգումները հիմնուած են վիշապաքարերու տեղաբաշխման եւ անոնց կանգնեցման համար պահանջուած աշխատուժի վիճակագրական վերլուծութեան վրայ։
Յօդուածը կը ներկայացնէ նաեւ ֆիզիքական կարեւոր մանրամասնութիւններ. հրաբխային անտեզիտէ (andesite) եւ պազալթէ քանդակուած այս կոթողները, որոնք ունին 2-էն 5 մեթր բարձրութիւն, հին աշխարհի մէջ եզակի են իրենց կենդանական պատկերագրութեամբ (iconographie) եւ բարձրլեռնային ջրառատ մարգագետիններու մէջ անոնց միտումնաւոր տեղադրմամբ։
Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին արձանագրուած են շուրջ 115 վիշապաքարեր՝ գլխաւորաբար կեդրոնացած Արագածի եւ Գեղամայ լեռներու լանջերուն։ Անոնք կը բաժնուին երեք տեսակի՝ ձկնակերպ (piscis), ցուլի մորթի տեսքով (vellus) եւ այս երկուքի խառնուրդը ներկայացնող (hybrida)։ Ի մի բերելով այս տուեալները՝ ուսումնասիրութիւնը յստակօրէն ցոյց կու տայ, թէ ինչպէս Հայկական լեռնաշխարհի այս վաղ ընկերութիւնը կազմակերպուած էր կենսատու ջուրի պաշտամունքին շուրջ՝ քարի ընդմէջէն աննախադէպ ջանքեր ներդնելով անոր պահպանման ու փառաբանման համար։
