Թիֆլիս կը հերքէ Եւրոպական Միութեան մեղադրանքը
Ինչպէս նախապէս անդրադարձած էինք՝ Եւրոպական Միութիւնը ընդունած է Ռուսաստանի նկատմամբ պատժամիջոցներու ամէնէն ընդարձակ ծրարը։ Այդ 21-րդ ծրարի ծիրէն ներս սեւ ցանկի մէջ ընդգրկուած է նաեւ Վրաստանի Քուլեւիի նաւահանգիստի նաւթի վերամշակման գործատունը։ Եւրոպական կողմը կը պնդէ, որ այս հաստատութիւնը կը զբաղի ռուսական նաւթի առեւտուրով եւ վերամշակումով՝ այդպէսով նպաստելով սահմանափակումներու շրջանցման։
Այս քայլին արձագանգելով՝ Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հանդէս եկած է պաշտօնական յայտարարութեամբ մը, ուր կը շեշտուի, որ երկրի իշխանութիւնները լիովին կը համագործակցին Եւրոպական Միութեան հետ եւ անշեղօրէն կը յարգեն պատժամիջոցներու դրութիւնը։ Ըստ նախարարութեան՝ ձեռնարկուած են բոլոր անհրաժեշտ միջոցները, որպէսզի Վրաստանի տարածքը չօգտագործուի արգելքները շրջանցելու նպատակով։ Թիֆլիս կը վստահեցնէ, որ իրենց գործակցութիւնը խարսխուած է թափանցիկութեան եւ անկեղծութեան սկզբունքներուն վրայ, իսկ պետական կառոյցներու աշխատանքին արդիւնաւէտութեան լաւագոյն ապացոյցն է այն իրողութիւնը, որ մինչեւ օրս Վրաստանի տարածքին եւրոպական պատժամիջոցներու շրջանցման ո՛չ մէկ դէպք արձանագրուած է։
