Հայ ռազմագերիները Ազերպայճանի մէջ կ՚ենթարկուին խոշտանգումներու 

Հայ գերիներ

Կան լուրջ բեկումներու եւ առողջական կտրուկ վատթարացման դէպքեր

Ազեր­պայճա­նի մէջ ապօ­րինա­բար պա­հուող հայ պա­տանդնե­րու ըն­տա­նիք­նե­րէն ստա­ցուած նոր տե­ղեկու­թիւննե­րու հա­մաձայն՝ շարք մը գե­րիներ ստա­ցած են լուրջ վնա­սուածքներ, նե­րառեալ՝ բե­կումներ, իսկ ու­րիշնե­րու առող­ջա­կան վի­ճակը կտրուկ կը վատ­թա­րանայ՝ նոր մտա­հոգու­թիւններ ստեղ­ծե­լով անոնց ճա­կատագ­րին վե­րաբե­րեալ։

Մի­ջազ­գա­յին եւ հա­մեմա­տական իրա­ւունքի կեդ­րո­նի նա­խագահ եւ Մարդկա­յին իրա­ւանց եւ­րո­պական ատեանին (ՄԻԵԱ) մէջ հայ գե­րինե­րու ներ­կա­յացու­ցիչ Սի­րանոյշ Սա­հակեան «The Armenian Report»-ին յայտնած է, որ հա­րազատ­նե­րէն ստա­ցած են բազ­մա­թիւ ահա­զան­գեր։ Թէեւ մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պութիւննե­րուն մուտքի ար­գելքին պատ­ճա­ռով ան­կախ հաս­տա­տու­մը ան­կա­րելի է, սա­կայն, ըստ իրա­ւապաշտպա­նին, այդ տուեալ­նե­րը ան­տե­սելու հիմք չկայ։ Ան նշած է, որ կարգ մը վնա­սուածքներ կրնան նոյ­նիսկ «անոնց կեան­քին վտանգ սպառ­նալ»։

Հա­րազատ­նե­րու վկա­յու­թիւններն ու ազեր­պայճա­նական դա­տարան­նե­րէն հրա­պարա­կուած սահ­մա­նափակ տե­սանիւ­թե­րը ցոյց կու տան, որ ժա­մանա­կին առողջ տղա­մար­դիկ այժմ ծայր աս­տի­ճան հիւ­ծուած են («կա­շի ու ոս­կոր» դար­ձած), ոմանք կորսնցու­ցած են իրենց ակ­ռա­ները եւ կը տա­ռապին սրտի ու գլխու ցա­ւերէ։ Սա­հակեան ընդգծած է, որ վնա­սուածքնե­րը, հա­ւանա­բար, ֆի­զիքա­կան բռնու­թեան հե­տեւանք են՝ յի­շեց­նե­լով ՄԱԿ-ի Խոշ­տանգումնե­րու դէմ կո­միտէի եզ­րա­կացու­թիւնը առ այն, որ Ազեր­պայճա­նի մէջ խոշ­տանգումնե­րը ու­նին հա­մակար­գուած եւ հա­մատա­րած բնոյթ։

Անդրա­դառ­նա­լով մա­հուան հա­ւանա­կան պա­րագա­ներուն՝ Սա­հակեան յստա­կացու­ցած է, որ փակ հաս­տա­տու­թեան մէջ ան­ձի մը մա­հուան պա­րագա­յին պա­տաս­խա­նատ­ւութիւ­նը կը կրէ պե­տու­թիւնը, քա­նի դեռ հա­կառա­կը յան­ցանշան­նե­րով չէ ապա­ցու­ցուած։ “Եթէ բան­տարկեալը սպա­նուի, ատի­կա պա­տերազ­մա­կան ոճիր է”,– շեշ­տած է ան։ Մին­չեւ Օգոս­տոս 31, Պա­քու պար­տա­ւոր է ՄԻԵԱ-ին ներ­կա­յաց­նե­լու գե­րինե­րու պահ­ման պայ­մաննե­րուն եւ առող­ջա­կան վի­ճակին վե­րաբե­րող տուեալ­ներ։

Այս ահա­զան­գե­րը կը հնչեն Պա­քուի վրայ մի­ջազ­գա­յին ճնշու­մի աճին զու­գա­հեռ։ Օրերս ԱՄՆ-ու Գոնկրէ­սի Ներ­կա­յացու­ցիչնե­րու պա­լատի ար­տա­քին յա­րաբե­րու­թիւննե­րու յանձնա­խումբը ըն­դունած է բա­նաձեւ մը, որ կը պա­հան­ջէ ան­յա­պաղ եւ ան­վե­րապա­հօրէն ազատ ար­ձա­կել Ազեր­պայճա­նի մէջ տա­կաւին պա­հուող 19 հայ պա­տանդնե­րը, որոնց շար­քին են Ար­ցա­խի նախ­կին ղե­կավար­նե­րը, զի­նուո­րական­ներն ու քա­ղաքա­ցիական ան­ձերը։ ■