Մետաքսի ճամբու ժառանգութեամբ

Գառնի-Տունհուան

Գառնին ու չինական Տունհուանը կը պատրաստուին դառնալ զուգորդ քաղաքներ

Հայկա­կան Գառ­նին եւ չի­նական Տունհուանը (Dunhuang), միաւո­րուե­լով Մե­տաք­սի ճամ­բու ընդհա­նուր պատ­մա­կան ժա­ռան­գութեամբ, կը պատ­րաս­տուին պաշ­տօ­նակա­նաց­նել իրենց հա­մագոր­ծակցու­թիւնը։ 2025-ին Գառ­նիի հա­մայնքա­պետ Տիգ­րան Պօ­ղոսեան Տունհուանի մէջ մաս­նակցած է հա­մաժո­ղո­վի մը, որուն ըն­թացքին կող­մե­րը ստո­րագ­րած են զու­գորդ քա­ղաք­նե­րու յա­րաբե­րու­թիւններ հաս­տա­տե­լու մտադ­րութեան մա­սին նա­մակ։ Չի­նաս­տա­նի Կան­սու նա­հան­գի Ար­տա­քին գոր­ծոց գրա­սենեակը յայտնած է, որ Գառ­նին ար­դէն իսկ ընդգրկուած է բա­րե­կա­մական կա­պերու զար­գացման առաջ­նա­հերթ քա­ղաք­նե­րու ցան­կին մէջ։

Նախ­նա­կան շփումնե­րու հի­ման վրայ եր­կու հա­մայնքնե­րը նա­խան­շած են գործնա­կան հա­մագոր­ծակցու­թեան վեց հիմ­նա­կան ուղղու­թիւններ, որոնք կ՚ընդ­գրկեն զբօ­սաշրջու­թեան զար­գա­ցումն ու մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գութեան պահ­պա­նու­մը։ Այս շրջա­գիծէն ներս յատ­կա­պէս կա­րեւոր են թուայ­նացման ծրագ­րե­րը, որոնց մի­ջոցաւ Տունհուանի փոր­ձա­ռու­թիւնն ու ար­հեստա­գիտու­թիւ­նը պի­տի գոր­ծա­ծուին Գառ­նիի հնա­վայ­րե­րու եւ հռո­մէական խճան­կա­րա­յին ժա­ռան­գութեան թուային ար­խի­ւաց­ման հա­մար։ Գոր­ծակցու­թիւնը կը կ՚ընդ­գրկէ նաեւ երի­տասար­դա­կան ու գի­տական փո­խանա­կումներ, դպրո­ցա­կան առ­ցանց ծրագ­րեր, երի­տասար­դա­կան արուես­տի հա­սարա­կաց ցու­ցա­հան­դէսներ, ինչպէս նաեւ փոր­ձա­ռու­թեան փո­խանա­կում քա­ղաքա­յին կա­ռա­վար­ման եւ բնա­պահա­կան կա­յուն զար­գացման ոլորտնե­րուն մէջ, մաս­նա­ւորա­բար՝ լեռ­նա­յին եւ անա­պատա­յին կեն­սա­համա­կար­գե­րու պահ­պանման ուղղու­թեամբ։

Նշենք, որ եր­կու քա­ղաք­ներն ալ աշ­խարհին ծա­նօթ են իրենց բա­ցառիկ պատ­մամշա­կու­թա­յին կո­թող­նե­րով. Գառ­նին կը հպար­տա­նայ Հա­յաս­տա­նի նա­խաք­րիստո­նէական շրջա­նի միակ կան­գուն հել­լէ­նական տա­ճարով, իսկ Տունհուանը՝ ԻՒ­ՆԷՍՔՕ-ի Հա­մաշ­խարհա­յին ժա­ռան­գութեան ցան­կին մէջ ընդգրկուած Մո­կաոյի քա­րան­ձաւներով։