Հազուագիւտ ձեռագիր մը կը վերադառնայ Մատենադարան

Եզակի Ձեռագիր

«Քերոն» զար­գացման հիմ­նադրա­մին կող­մէ կա­տարուած նուիրատ­ւու­թեան շնոր­հիւ՝ աւե­լի քան 350-ամեայ հա­զուա­գիւտ հայ­կա­կան ձե­ռագիր մը վե­րադար­ձած է ձե­ռագ­րե­րու պահ­պան­ման աշ­խարհի առա­ջատար կեդ­րոննե­րէն մէ­կը՝ Մաշ­տո­ցեան Մա­տե­նա­դարան, ուր պի­տի ապա­հո­վուի անոր եր­կա­րաժամ­կէտ պահ­պա­նումն ու հան­րա­յին մատ­չե­լիու­թիւնը։

Ձե­ռագի­րը, որ ստեղ­ծուած է մօ­տաւո­րապէս 1672-էն 1676 թուական­նե­րուն մի­ջեւ, պաշ­տօ­նապէս յանձնուած է «Մէկ տա­րուան յա­ւեր­ժութիւ­նը. Մա­տենա­դարա­նի ձե­ռագ­րա­կան հա­մալ­րումնե­րը» նոր ցու­ցա­հան­դէ­սի բաց­ման ըն­թացքին, ուր կը ներ­կա­յացուին հաս­տա­տու­թեան ան­ցեալ տա­րուան կա­րեւո­րագոյն ձեռքբե­րումնե­րը։ Ցու­ցա­հան­դէ­սը բա­ցուե­ցաւ Յու­լիս 22-ին՝ Երե­ւանի մէջ կա­յացող Հա­յագի­տական մի­ջազ­գա­յին 3-րդ հա­մագու­մա­րի ծի­րէն ներս։ ■