«Նայք» ընկերութիւնը բացաւ ԱՊՀ-ի տարածքին իր մեծագոյն խանութը՝ Երեւանի մէջ
«Նայք» (Nike) ընկերութիւնը Երեւանի Հիւսիսային պողոտայի 10/1 հասցէին վրայ բացած է ԱՊՀ-ի (Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութիւն) տարածքին իր մեծագոյն գլխաւոր խանութը, որ միեւնոյն ժամանակ ընկերութեան առաջին ներկայացուցչական կեդրոնն է Հայաստանի մէջ։
Եռայարկ խանութը կը ներկայացնէ մարզական ու առօրեայ կօշիկներ, հագուստներ եւ յարակից իրեր, ինչպէս նաեւ յատուկ թողարկումներ ու բացառիկ հաւաքածոներ, որոնք նախապէս հասանելի չէին Հայաստանի մէջ։
Խանութի գործընկեր հաստատութիւնը արդէն 18 տարիէ ի վեր Հայաստանի մէջ կը զարգացնէ «Նայք» ապրանքանիշը։ Ասիկա անոնց չորրորդ մասնաճիւղն է երկրին մէջ՝ Տալմա Կարտըն Մոլի, Մեկամոլ Արմենիայի եւ Կոմիտասի պողոտայի վրայ գտնուող խանութներէն ետք։
