9-րդ գումարման Ազգային ժողովի անդրանիկ նիստը՝ առանց Կաթողիկոսին
Screenshot
Յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններով ձեւաւորուած Հայաստանի նորընտիր (9-րդ) Ազգային ժողովի անդրանիկ նիստը գումարուեցաւ Օգոստոս 2-ին։ Նախքան օրակարգին անցնիլը, խորհրդարանը մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեց հայրենիքի պաշտպանութեան համար զոհուած զինուորներուն յիշատակը։
Նիստին ամէնէն ուշագրաւ եւ լարուած պահը արձանագրուեցաւ երդման արարողութենէն առաջ, Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի բացակայութեան պատճառով։ Նկատի ունենալով, որ «Ազգային ժողովի կանոնակարգ» սահմանադրական օրէնքը կը նախատեսէ, որ առաջին նիստին ողջոյնի խօսքով կրնան հանդէս գալ Հանրապետութեան նախագահն ու Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, Վեհափառ Հայրապետին բացակայութիւնը խորհրդարանին մէջ բուռն վէճերու եւ հարցադրումներու դուռ բացաւ։
Ընդդիմադիր երեսփոխանները բողոքեցին՝ շեշտելով, որ Կաթողիկոսը չհրաւիրելը կը հակասէ սահմանադրական կարգին։ Անոնք դժգոհութիւն յայտնեցին, որ զրկուած են հովուապետական օրհնութենէն, եւ պահանջեցին պաշտօնական բացատրութիւններ տալ այս աննախադէպ որոշումին առնչութեամբ։
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ անոր գլխաւորած իշխանութեան խիստ դիրքորոշումը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի որոշ անձնաւորութիւններու եւ յատկապէս Գարեգին Բ. կաթողիկոսին նկատմամբ՝ ծանօթ է հանրութեան։ Արդէն օրեր առաջ մամուլի մէջ կը շրջէր լուրը, որ Կաթողիկոսը պիտի չհրաւիրուի այս անդրանիկ նիստին։ Աւելին, վերջերս, երբ լրագրողները այս մասին հարցում ուղղած էին վարչապետ Փաշինեանին, ան հեգնանքով պատասխանած էր. “Ո՞ւմ նկատի ունէք «կաթողիկոս» ասելով”։
Երդման արարողութիւնը եւ ընդդիմութեան պոյքոթը
Լարուած մթնոլորտի մէջ նիստը շարունակուեցաւ երեսփոխաններու երդման արարողութեամբ։ Տարիքով աւագագոյնը ըլլալուն բերումով՝ անդրանիկ նիստը վարող իշխանութեան «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան երեսփոխան Կնիազ Հասանով ընթերցեց երեսփոխանական երդման բնագիրը.
«Յանուն Հայաստանի Հանրապետութեան յարատեւութեան, անկախութեան, ինքնիշխանութեան եւ հզօրացման՝ կ՚երդնում բարեխղճօրէն կատարել ժողովուրդի ներկայացուցիչի պարտականութիւններս, պահպանել Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութիւնն ու օրէնքները, նպաստել Հայաստանի Հանրապետութեան պետականութեան ամրապնդման եւ շահերու պաշտպանութեան, ընել ամէն ինչ քաղաքացիական համերաշխութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներու անվտանգութեան եւ բարեկեցութեան, մարդու իրաւունքներու եւ ազատութիւններու պաշտպանութեան համար: Փա՜ռք նահատակներուն եւ կեցցէ՜ Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Կ՚երդնում»։
Երդման արարողութիւնը եւս անցաւ ընդդիմադիրներու իւրայատուկ պոյքոթով։ «Ուժեղ Հայաստան» եւ «Հայաստան» դաշինքներու երեսփոխանները արարողութեան ընթացքին նստած մնացին իրենց տեղերը՝ մերժելով բարձրաձայն կրկնել երդումը, ի տարբերութիւն իշխանութեան «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ի ներկայացուցիչներուն, որոնք ոտքի կանգնած եւ բարձրաձայն կ՚երդուէին։ Այնուամենայնիւ, արարողութեան աւարտին ընդդիմադիր երեսփոխանները միւսներուն նման ստորագրեցին իրենց տրամադրուած երդման բնագրին տակ։
Այս անդրանիկ ժողովին, ի տարբերութիւն Կաթողիկոսին, ներկայ գտնուեցաւ եւ իր ողջոյնի խօսքը ուղղեց Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը, որ նաեւ նոյն առիթով ընդունեց նախկին կառավարութեան հրաժարականը։
Աւելցնենք նաեւ, որ բացման ընթացակարգէն ետք, Ազգային ժողովը սկսաւ իր աշխատանքները, գլխաւորութեամբ ԱԺ-ի նախագահի միակ թեկնածու Ռուբէն Ռուբինեանի, որ պատասխանեց յատկապէս Թուրքիոյ եւ Ազերպայճանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին, Հայաստանի հողային ամբողջականութեան պաշտպանութեան վերաբերող հարցումներու։ Նշենք, որ Ռուբինեան իշխանութեան «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան եւս միակ թեկնածուն է, իսկ ընդդիմութիւնը թեկնածու չէ ներկայացուցած։ Անոր ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ փակ, գաղտնի քուէարկութեամբ։
