Ազերպայճան Փրակայի մէջ կ՚իւրացնէ հայկական ժառանգութիւնը

Screenshot

Screenshot

Հայ ընդդիմադիր երեսփոխանը կը մեղադրէ Ազերպայճանը՝ Փրակայի մէջ հայկական մշակութային ժառանգութիւնը իւրացնելու յանցանքով

Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան անդամ, ընդդիմադիր երեսփոխան Լիլիթ Գալստեան մեղադրած է Ազերպայճանը, որ Փրակայի սրտին մէջ կազմակերպուած հանրային ցուցահանդէս մը կ՚օգտագործէ իր տարածքային յաւակնութիւնները յառաջ մղելու եւ հայկական մշակութային ժառանգութիւնը իբրեւ ազերպայճանական ներկայացնելու նպատակով՝ զգուշացնելով, որ նման արշաւներ աւելի ու աւելի մեծ թափ կը ստանան, մինչ Հայաստան միջազգային բեմահարթակին վրայ կը շարունակէ ընդհանրապէս լուռ մնալ։

Գալստեան յայտնած է, որ ազերպայճանական կազմակերպութիւններ վերջերս Փրակայի կեդրոնական հրապարակին վրայ բացօթեայ ցուցահանդէս մը կազմակերպած են՝ ցուցադրելով պատմական լուսանկարներ Արցախէն եւ Հայաստանէն։ Ըստ անոր՝ այդ պատկերները ներկայացուած են իբրեւ ազերպայճանական ժողովուրդի պատմամշակութային ներկայութեան ապացոյց՝ իրենց այսպէս կոչուած «պատմական հայրենիք»-ին մէջ։